Կլոր Սեղան Կազմակերպուած Սանթ Էճիտիօ Հասարակութեան Կողմէ՝ ՜՜Արաբական Գարուն''ի Նիւթին
Մասին. Զօրակցութիւն սուրիացի ժողովուրդին հետ։
Միջին Արեւելքէն եւ հիւսիսային Ափրիկէէն բազմաթիւ անձնաւորութիւններ մասնակցած են կլոր
սեղանին, որ տեղի ունեցաւ Հռոմ 29 փետրուարին Սանթ Էճիտիօ կազմակերպուան նախաձեռնութեամբ։
Ժողովին խօսք առաւ Անտրէա Րիգարտի` Իտալիոյ գաղթականութեան նախարարը եւ հիմնադիրը Սան
Էճիտիոյի։ Ան ըսաւ որ կարող չենք առանձին թողուլ սուրիացի ժողովուրդը, որ ներկայիս ողբերգական
կացութեան մէջ կը գտնուի։ Կլոր սեղանին մասնաւորապէս խօսուեցաւ Միջին Արեւելքի քաղաքացիութեան,
փոքրամասնութիւններու հայող օրինակարգին ու կրօնական բազմազանութեան մասին։ Ս. Երկրի
պահակը հայր Բիցապալլա ընդգծեց որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները պէտք չէ փնտրեն պաշտպանութիւն
ու երաշխաւորութիւն, այլ կատարեալ մասնակցութուն հանրային կեանքին։ Ողջունելով Սուրիոյ
ժողովուրդին ոյժը, նախարար Ռիգարտին ըսաւ որ հակառակ դաժան հարստահարումի, սուրիացին
կը շարունակէ բողոքել, յարելով որ Սուրիոյ տագնապը կարելի չէ լուծել բռնի միջոցներով։
Նշենք որ Սանթ Էճիտիօ-ն աշխարհականներու կաթողիկէ կազմակերպութիւն մըն է, հիմնուած՝
1968-ին Հռոմի մէջ։ Անիկա մասնաւորապէս օգնութեան կը հասնի աղքատներուն, կը գործէ մահապատիժի
դէմ, միջկրօնական երկխօսութեամբ։ Միջազգային հասարակութիւնը կը ճանչնայ Սանթ Էճիտիոյի
դերը խաղաղութիւնը հաստատելու ափրիկեան բազմաթիւ ընդհարումներուն։