2012-03-02 11:14:07

2012՝ Հաւատքի Տարին Քահանապետէն Ընտրուած՝ Պատասխանելու Ներկայ Ապարդիւն Աւետարանութեան։


Հոկտեմբեր 2012ին՝ սկիզբ կ'առնէ հաւատքի տարին ընտրուած Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն վերջ դնելու ներկայ աւետարանութեան որ անպտուղ է. այսպէս յայտնած է եպիսկոպոսներու ընդհանուր սիւնոդոսի քարտուղարութիւնը, որ ներկայիս Հռոմ իր խորհրդաժողովը գումարած է ի պատրաստութիւն եպիսկոպոսներու ընդհանուր սիւնոդոսին որ տեղի պիտի ունենայ 7-28 հոկտեմբեր 2012ին։
Ժողովականները բանակցեցան հաւատքի տագնապին ու աւետարանութեան քարոզութեան մասին։ Խօսելով աւետարանութեան ՜՜անպտղութեան՝՝ մասին, մասնակցող հայրերը դիտել տուած են որ անիկա արդիւնքն է ներկայ մշակոյթի ազդեցութեան որ արգելք կը հանդիսանայ հաւատքի փոխանցումին ու ծաւալումին եւ միաժամանակ մարտահրաւէր մըն է քրիստոնեաներուն ու Եկեղեցւոյ։ Ժողովականները ընդգծած են որ հաւատքի տարին, քահանայապետէն որոշուած՝ որ սկիզբ կ'առնէ 11 հոկտեմբեր 2012-ին եւ կը տեւէ մինչեւ 24 նոյեմբեր 2013, պիտի հանդիսանայ բարեբեր առիթ մը խորացնելու Տիրոջմէն ընդունուած, հաւատքի շնորհքը, զայն ապրելու եւ խորացնելու համար։ Հաւատքի փոխանցումի առաջին վայրն է ընտանիքը, ուր հաւատքը կը հաղորդուի երիտասարդներուն։ Ընտանիքի անփոխառինելի դերը կը շարունակուի կրօնուսուցումով, եկեղեցական հաստատութիւններէն ներս, ծիսական արարողութիւններու մասնակցելով, ինչպէս նաեւ ժողովրդապետական առաքելութիւններու, եկեղեցական եղբայրութիւններու ու ժողովրդական բարեպաշտութիւններու միջոցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.