2012-03-01 13:30:42

Վիէթնամի Եւ Ս. Աթոռի Միջեւ Յարաբերութիւնները Օրէ Օր Կը Զարգանան։


27 եւ 28 փետրուարին, Վիէթնամի մայրաքաղաքը, տեղի ունեցաւ Վիէթնամի եւ Ս. Աթոռի պատուիրակութիւններու միջեւ երրորդ հանդիպումը ։ Աշխատանքներուն աւարտին խառն յանձնախումբը իր գոհունակութիւնը յայտնած է ի տես ցայժմ արձանագրուած զարգացումներուն։ Բանակցութիւններու ընթացքին Ս. Աթոռը բաղձանք յայտնեց որ իր դերը ու առաքելութիւնը ամրապնդուի եւ ընդլայնայ երկրէն ներս, նոյնպէս բաղձանք յայտնեց որ դիւանագիտական կապերը երկու պետութիւններու միջեւ աւելի զարգանան ու ամրապնդուին։ Յայտնենք որ այդ հանդիպումներուն կէտնպատակն է դիւանագիտական կապերու հաստատումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.