Արդարութիւն Եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական Խորհուրդի Համաշխարհային ֆինանսաւորումի
Բարեփոխումի Առաջարկ։
Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի գնահատումով համաշխարհային հարստութիւնները
պէտք է օգտագործուին ոչ միայն անմիջական շահ հետապնդելու նպատակով այլ պէտք է աշխատիլ
գործարաններու տեւականութեան ի խնդիր։ Հետեւաբար հարկ է ստեղծել ֆինասական թէ դրամական
կայուն շուկաներ ազգային թէ միջազգային գետնի վրայ, յայտարարած է վերոյիշեալ քահանայապետական
խորհուրդի քարտուղարը` գերապայծառ Մարիօ Թոզօ, ընդգծելով որ քահանայապետական խորհուրդը
առաջարկներ ներկայացուցած է բարեփոխելու ՄԱԿը եւ համաշխարհային ֆինանսական ու տնտեսական
մարմինը։ ՜՜Հարկաւոր է աշխատիլ համաշխարհային տնտեսութեան բարգաւաճումին ու հասարակաց
բարիքին համար՝՝ յայտնած է ան։