2012-02-29 15:18:46

Քառասնորդացի Առթիւ Խորհրդածութիւն ՜՜Ժամանակ Տրամադրել Արարիչին՝՝


Քաղուած՝ Յորդանանի Կաթողիկէ Հայոց հոգեւոր հովիւ՝ Հ. Վարագ Վրդ. Պէրպէրեանի պատգամէն։
20րդ դարու երկրորդ կէսին եւ 21րդ դարու առաջին տասնամեակին բնորոշ երեւոյթ է ժամանակի հետ պայքարը: Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք Եւրոպայի յաղթած եւ յաղթուած երկիրները սկսան աւերակներու վերականգնումի եւ պատերազմի հետքերու վերացման աշխատանքներուն: Բոլորը կարծես ժամանակի հետ մրցումի մէջ էին, կ’ուզէին արագընթաց քայլերով վերականգնել քանդուած քաղաքներն ու հասարակութիւնները:
Այսպիսով մեր ապրած մոլորակին վրայ յառաջացան քաղաքական եւ տնտեսական երկու հսկայ ճակատներ , մին՝ արեւմտեան, ազատապաշտ` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն առաջնորդութեամբ, իսկ միւսը համայնավար` խորհրդային համակարգին մէջ ընդգրկուած եւ անոր դաշնակից այլ ընկերավար երկիրներէ բաղկացած միութիւնը:
Այս երկու ճակատներէն իւրաքանչիւրը ամէն ջանք եւ ճիգ չէր խնայեր դառնալու աշխարհի գերագոյն պետութիւնը եւ համայն աշխարհին պարտադրելու իր տնտեսական եւ քաղաքական գաղափարախօսութիւնը, ուղղութիւնն ու տեսութիւնը:
Պատերազմէն ետք եւրոպայի ժողովուրդներուն եւ յատկապէս երիտասարդութեան աշխարհահայացքը բոլորովին փոխուեցաւ, բարոյականութեան հանդէպ նոր ըմբռնում մը ստեղծուեցաւ, մարդկային արժէքներուն եւ առաքինութեանց նկատմամբ հռչակուեցաւ միահամուր յեղափոխութիւն մը: Ընկերային համակարգին օրէնքները համընդհանուր վերատեսութեան, յեղաշրջումի ենթարկուելով նոր բարոյականութիւն մը յառաջացաւ:
Զինուորական, տնտեսական ու գիտարտուեստական ասպարէզներուն մէջ, ակներեւ գնահատելի առաքընթաց յառաջդիմութիւն արձանագրելու մրցումը բաւական մարդուժ եւ նիւթական պաշառ պահանջեց: Երկու հսկայ գերտէրութիւնները իւրաքանչիւրը իր կարգին նուաճեցին գիտութեան բոլոր գագաթները, հասնելով՝ լուսին, ու արբանեակներու հնարումով՝ կարողացան կապել աշխարհիս չորս ծագերը իրար հետ։ Շրջանցելով բոլոր սահմաններն ու հեռաւորութիւնները՝ անոնք կարողացան նոյնիսկ ուսումնասիրել ու տարրալուծութեան ենթարկել Տիեզերքի մոլորակներու խորհուրդներն ու գաղտնիքները:
Միջին Արեւելքի եւ նոր անկախացած ու նոր կազմաւորուած երկիրները, իրենց նախկին գաղութատէրերու օրինակով, իրենք եւս ենթարկուեցան համաշխարհայնացման այս նոր հոսանքին: Քարիւղային յեղափոխութեան շնորհիւ, Արաբական Ծոցի կարգ մը երկիրներու մէջ շատ արագ ու հսկայական բարեկացութիւն եւ արդիականութիւն մը յառաջացաւ:
1960 ական թուականներուն ա‎րեւմուտքի սեռային յեղափոխութը, պատճառ դարձաւ որ այդ ազգերու բարոյական, մարդկային ու քրիստոնէական առաքինութիւնները անհետանան: Մարդոց կապերը եկեղեցւոյ հետ հետզհետէ տկարացան եւ դերահաւատութիւնն ու անաստուածութիւնը լայնապէս տարածուեցաւ Քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մէջ:
Մեր ապրած վերջին քսան տարիներու այս ժամանակաշրջանը, կարելի է անուանել համացանցի եւ համակարգիչի կամ ելեկտրոնային դարաշրջան, ուր գիտական եւ արհեստագիտական ասպարէզին մէջ ամէն օր` մուտք կը գործէ նորութիւն մը, կամ նոր գիւտ մը։ Համայն աշխարհը մրցումի մէջ է արդիականութեան արագասլաց հոսանքին հետ: Եւ մարդիկ յատկապէս նոր սերունդը ժամանակ չի գտներ հոգեւորութեան, եւ դժբախտաբար հայերս ալ նոյն հոսանքէն կը տարուինք։
Ամէն անգամ որ նոր սերունդի մեր Հայ հաւատացեալներէն մէկուն հարցնենք թէ ինչո՞ւ եկեղեցի չի յաճախեր կամ թէ ինչո՞ւ արարողութիւններուն չի մասնակցիր, եւ նոյնիսկ իր տան մէջ անձնական աղօթք կամ աւետարանի ընթերցում չի կատարեր, ան ակնթարթային արագութեամբ կը պատասխանէ ՜՜ժամանակ չ'ունիմ՝՝: Այս պատասխանը խուսափելու կամ իրականութիւն մը քօղարկելու միջոց մըն է, եւ ծիծաղելի է.որովհետեւ ան կը տրուի նոյն այն անձերու կողմէ, որ Աստուած փառաբանելու եւ սիրելու ժամանակ չունենալով հանդերձ, բաւական ժամանակ ունին զբաղելու բազմաթիւ այլ դատարկաբանութիւններով:
Ուստի՝ քառասնորդաց այս շրջանը, պահն է՝ զԱստուած ճանչնալու, ուշ չէ՝ տակաւին ժամանակ կայ, իսկ եթէ ժամանակ չունիս խնդրէ Տիրոջմէ եւ զայն կ'ունենաս:







All the contents on this site are copyrighted ©.