2012-02-29 15:17:53

Յունաստանի «Ազատ Օր»ը 68 Տարեկան։


Յունաստանի «Ազատ Օր» թերթը բոլորեց իր հիմնարկութեան 68րդ Տարեշրջանը։
«Շարունակաբար փոփոխուող աշխարհի մը մէջ ահա կը թեւակոխենք յունահայութեան օրաթերթ՝ «Ազատ Օր»ի 68րդ տարեշրջանը այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ մամուլի դաշտը կը յատկանշուի համացանցի լայնածիր օգտագործումով եւ լսողատեսողական միջոցներու գերակայութեամբ» այսպէս կը գրէ իր խմբագրականի մէջ «Ազատ Օրը»։
Այս առթիւ Ռատիօ Վատիկանի Հայերէն Հաղորդումներու բաժնի անձնակազմը կը շնորհաւորէ ԱԶԱՏ ՕՐ ի բոլոր աշխատակազմը,մաղթելով յարատեւութիւն եւ յաջողութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.