2012-02-29 13:37:28

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։
ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ։


Մեր ազգին երկրորդ լուսաւորութիւնը կը պարտինք անվարան Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին։Ինքն է որ բացաւ հայ գրականութեան ոսկեդարը` հայկական նշանագրերու գիւտով. հինգերորդ դարը բացաւ ոչ միայն գիտական ու գրական դարաշրջանը հայ լեզուի` այլ նաեւ դարձաւ հոգեւոր ու ծիսական անկիւնադարձային քար` որուն վրայ կը յենու ամբողջ ազգի մը մշակոյթը` քաղաքակրթութիւնը` բարոյականը` հոգեւոր ապրումներն ու ծիսական կեանքի զարգացումը։
Մեսրոպի Կենսագրականը մեզի հասած է իր աշակերտին` Կորիւնի գրութենէն։
Մեսրոպ ծնած է Տարօն գաւառի Հացեկաց գիւղը եւ փոքր տարիքին արդէն ուսած է յունարէն լեզուն. ասոր համար է որ զինք կը գտնենք երիտասարդ տարիքին` Վաղարշապատ` որպէս արքունական դիւանի պաշտօնեայ. ապա նաեւ որպէս զինուորական` արքունի բանակին մէջ. սակայն` քիչ ատենէն կը թողու ամէն աշխարհական կեանք եւ կ՚երթայ ճգնելու Գողթն գաւառի լեռներուն մէջ։Հոն է որ կը ծանօթանայ տեղացի ժողովուրդին եւ կը նկատէ անոնց տգիտութիւնը` մանաւանդ քրիստոնէութեան մասին եւ վայրի բարքերը։ Ասոր վրայ` կ՚երթայ կը գտնէ Սահակ Կաթողիկոսը որպէսզի միասին դարման մը գտնեն հայ ժողովուրդի տգիտութեան. երկուքը մէկ կ՚երթան Վռամշապուհ Թագաւորի մօտ եւ կ՚առաջարկեն հայկական այբուբէնի մը ստեղծումը` վերջ դնելու համար ազգի այս անմշակոյթ դրութեան։
Թագաւորը կը յօժարի բոլոր ծախսերը հոգալու այսպիսի ձեռնարկի մը յաջողութեան համար եւ օգտակար դառնալու Մեսրոպին, իրեն տալով ապահով ճանապարհորդակիցներ` իր բազմաթիւ ճամբորդութիւններու ընթացքին` Եդեսիայէն մինչեւ Սամոսատ։Հոսէ որ` յետ երկար փնտռտուքներու եւ ապարդիւն պրպտումներու` երկնային տեսիլքով հայկական այբուբէնը կը յայտնուի իրեն։Մեսրոպ կը վերադառնայ Հայաստան եւ փառաւոր ընդունելութըան կ՚արժանանայ կաթողիկոսին` եկեղեցական դասուն` ինչպէս նաեւ թագաւորին` իշխաններուն եւ ժողովուրդին կողմէ` Ռահ գետին մօտերը։
Այլեւս տգիտութեան խաւարը պիտի փարատէր Հայ ժողովուրդի մէջէն եւ Աւետարանի լուսաւոր քարոզութեամբ ամէն կողմ պիտի տիրէին մաքուր բարքեր` միաձոյլ հաւատք եւ ազգային միասնականութիւն։ Պիտի դադրէին բաժանումներն ու կռիւները իշխաններու միջեւ եւ սէր ու խաղաղութիւն պիտի տիրէր ամընուրեք։
Ստոյգ է որ ամէն ինչ չիրականացաւ ըստ Մեսրոպի ակնկալութեան, սակայն վստահաբար ազգային ոգին աւելի զօրացաւ,ինչպէս նաեւ հաւատքը Քրիստոսի հանդէպ, որով արդէն յիսուն տարի ետք, 451-ին` Վարդանանք եւ Ղեւոնդեանք համայն հայ ժողովուրդը կրցան ոտքի հանել Պարսից զօրքերուն դէմ` վասն կրօնի ըւ հարենեաց։
Մեսրոպ սկսաւ իր մշակութային եւ հոգեւոր գործունէութիւնը տարածել ամբողջ հայ աշխարհի վրայ` անձամբ երթալով գաւառ առ գաւառ` կազմելով ամենուրեք աշակերտներ` բանալով դպրոցներ ու վանքեր եւ քաջալերելով սէրը նոր գիրին ու գրականութեան։Սկսան առաջին թարգմանութիւնները` նախ Սուրբ Գրքին` ապա, Սուրբ Հայրերու գրութիւններուն։ Մեսրոպի անունը տարածուեցաւ ամէն կողմ. նոյնիսկ Յոյները ճանչցան զինք ու պատուեցին տալով իրեն Ակումիտ տիտղոսը` որ կայսրին յատուկ մէկ հրամանագրով վիճակուեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի։
Մեսրոպ` գթալով հարեւան ազգերու վրայ` որոնք նոյնպէս զուրկ էին գիրէ ու գրականութենէ` հնարեց նաեւ Վրացիներու գիրերը` ինչպէս նաեւ Աղուաններունը։Սուրբ Սահակ կաթողիկոսի` որ զինք կարգեց որպէս աջակից եպիսկոպոս` եւ իր հետզհըտէ բամացող աշակերտներուն հետ` Մեսրոպ հայերէնի թարգմանեց նախ Աստուածաշունչը։ Այս թարգմանութիւնը կատարուեցաւ յունարէն լեզուէն եւ Յոյներու իսկ կողմէ կոչուեցաւ՝՝ՙԹագուհի Թարգմանութեանց՝՝ՙ։ Մեսրոպ ձեռնարկած է նաեւ թարգմանութեան շատ մը գրութիւններու Սուրբ Հայրերու, շարադրած է ճառեր տօներու առթիւ եւ նամակներ` ուղղուած զանազան գաւառներուն` ըստ վկայութեան Կորիւն վարդապետի` սակայն անոնք մեր ձեռքը չեն հասած։
Իր բազմարդիւն կեանքի մահկանացուն կնքեց Ս. Սահակէն ճիշդ վեց ամիս ետք` 441 թուականին. իր մարմինը ամփոփուեցաւ Օշական գիւղին մէջ. յետագային եկեղեցի մը շինուեցաւ իր շիրիմին վրայ։
Մեսրոպ Մաշտոց հայրն է մեր գրականութեան. բոլոր Հայերը առ յաւէտ երախտապարտ են մշակոյթի ու սրբութեան այս մեծ Տիտանին` որ կարեւորագոյն սիւներէն մին հանդիսացաւ ՀԱՅ Եկեղեցւոյ եւ ՀԱՅ Ազգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.