2012-02-28 12:41:39

ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւնը Մեծ Հանդիսութեամբ Պարգեւատրեց Հայկական Վարժարաններու Պրէօվէի Պետական Քննութիւններուն Գերազանց Արդիւնք Արձանագրող Աշակերտները՝


Որոնց շարքին նաեւ՝ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներ։
Այս առթիւ վարժարանի տնօրէնութիւնը գրութեամբ մը իր երախտագիտական զգացումները փոխանցած է ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան, որ իր ազգային եւ նուիրական առաքելութեան կողքին, նաեւ ի սպաս կը ծառայէ հայ դպրոցին:
Պարգեւատրման հանդիսութիւնը գեղարուեստական յայտագրով մը. էապէս ծառայեց ու յառաջիկային եւս պիտի ծառայէ իր նպատակին, որ է քաջալեր հանդիսանալ հայ վարժարաններու աշակերտութեանց ու յատկապէս գերազանց արդիւնքներով յաջողութիւն արձանագրող աշակերտութեանց որոնք հայ ազգին պատիւ կը բերեն։ Նման նախաձեռնութիւններ լիբանանահայ աշակերտութեան մօտ կրնան ստեղծել հոգատարութեան եւ գուրգարանքի մթնոլորտ, ինչ որ վստահաբար արժանի են գնահատանքի:








All the contents on this site are copyrighted ©.