2012-02-28 12:35:14

Դասախօսական Հանդիպում՝ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Մէջ Եկեղեցական Կալուածներու Վերադարձի Հարցը ՝՝ Թեմայով։


Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին կազմակերպութեամբ՝ երկուշաբթի, 27 փետրուարի երեկոյեան, Պէյրութ լոյս տեսնող «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատան «Փիւնիկ» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը «Եկեղեցական կալուածներու վերադարձի հարցը` Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին մէջ» նիւթին մասին: Դասախօսութիւնը ներկայացուց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան:
Ձեռնարկին ներկայ էին եկեղեցական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ, նաեւ կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ժողովրդային մեծաթիւ բազմութիւն մը:
Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Վերա Եագուպեան բարի գալուստի խօսքին մէջ, նշեց որ յունիս 2011-ին ամերիկահայ համայնքը կատարեց քաջալերական քայլ մը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքները հետապնդելու եւ վերջակէտ մը դնելու թրքական կառավարութեան կողմէ հայկականութիւն խորհրդանշող բոլոր հետքերը ոչնչացնելու քաղաքականութեան: Ամերիկացի քոնկրեսականներ, ըսաւ ան, ամերիկահայ համայնքին զօրակցութեամբ քոնկրեսին ներկայացուցին բանաձեւ մը, որ կը ստիպէ «Թուրքիոյ պահպանելու քրիստոնէական քաղաքակրթութիւնը եւ վերադարձնելու եկեղեցական կալուածները:
Օրուան բանախօսը՝ Քեն Խաչիկեան, խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ, անոր ընթացքին եւ անկէ ետք բռնագրաւուած հայկական, ասորական, յունական եւ այլ քրիստոնէական փոքրամասնութիւններու հազարաւոր եկեղեցիներու մասին, որոնցմէ քանի մը հատը վերադարձուեցան իրենց իրաւատէրերուն, ինչ որ իմաստալից նախաքայլ մըն է Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ` ընդունելու անպատիժ մնացած ոճիրին պատասխանատուութիւնը: Ապա յոյս յայտնեց, որ բանաձեւը ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ կառավարութեան վրայ` դադրեցնելու բոլոր տեսակի կրօնական խտրականութիւնները, արտօնէ եկեղեցիներու իրաւատէրերուն առանց խոչընդոտի տէր կանգնելու իրենց բոլոր տեսակի կալուածներուն, կատարելու հոգեւոր արարողութիւններ, փոխանցելու կրօնական դաստիարակութիւն եւ կազմակերպելու հաւաքներ, ընկերային ծառայութիւններ եւ այլ բնոյթի հոգեւոր աշխատանքներ: Ներկայիս 1900-ական թուականներուն առկայ երկու հազար եկեղեցիներէն մօտաւորապէս շուրջ երկու հարիւրը կանգուն է եւ մնացեալը ամբողջովին կործանած է: Անցնող տարուան 13 դեկտեմբերին, ըսաւ ան, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց 306 բանաձեւը, ինչ որ զօրաւոր յաղթանակ էր խղճի ազատութեան եւ քրիստոնէական կալուածները իրենց իսկական տէրերուն վերադարձնելու հարցին մէջ: Իր խօսքի աւարտին, Քեն Խաչիկեան կոչ ուղղեց ներկաներուն եւ հայերու բարեկամներուն աշխարհի բոլոր կողմերէն մասնակցելու պահանջատիրութեան` սկսելու կալուածներէն եւ շարունակելու հատուցման համընդհանուր իրաւունքներով` նահատակներու արեան գնով, գրաւուած հողերով, կառոյցներով, յետեղեռնեան հետեւանքներով: Ան հաստատեց, որ հայութեան դատը արդար է եւ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.