2012-02-27 11:39:40

Վատիկանի Մէջ Հոգեւոր Կրթութեան Սովորութիւնը ։


Վատիկանի մէկ շաբաթ տեւող Հոգեւոր Կրթութեան սովորութիւնը սկիզբ առած է Պիոս ԺԱ .ի օրով 1929-ին Յիսնակաց շրջանի ժամանակ` ի պատրաստութիւն սուրբ ծննդեան տօնին։ 1964 թուականին երջանկայիշատակ Պօղոս Զ.ի օրով որոշուեցաւ այս թուականը փոխել եւ տարեկան հոգեւոր կրթութիւն կատարել քառասնորդաց շրջանի ընթացքին առ ի պատրաստութիւն Սուրբ Զատկուայ Յարութեան Տօնին։
Յիսնակաց շրջանի հոգեւոր կրթութեան սովորութիւնը սակայն չէ ընդհատած ու տակաւին կը շարունակուի եւ յանձնուած է Քահանայապետական տան քարոզիչին։ Նշենք թէ 1743 ին Պենետիկտոս ԺԴ Քահանայապետի որոշումով Քահանայապետական Տան Քարոզիչի պատասխանատութիւնը տրուած է ֆրանչիսկեան Փոքր Եղբայրութեան եւ Գաբուսիններու միաբանութեան անդամներուն։ Այժմ այս պաշտօնը յանձն առած է Գաբուսին միաբանութեան անդամ Հայր Րանիէրօ Գանդալամեսսան։
Քառասնորդաց շրջանի քարոզիչի պարտականութիւնը 1976-ին յանձնաուծ էր երջանկայիշատակ Կարտինալ Գարոլ Վոյթիլային ապագայ ՅՊԲ իսկ Կարտինալ Ժոզէֆ Րադսինկէրը, այսօրուայ Պենետիկտոս ԺԶ այս պաշտօնը ստանձնած էր 1983 թուին։







All the contents on this site are copyrighted ©.