Վատիկանը մտադիր է մասնակցիլ Սոմալիայի հաշտութեան, խաղաղութեան ու վերակառուցումի ջանքերուն,
յայտարարած է Վատիկանի բանբերը՝ յիսուսեան հայր ֆետերիքօ Լոմբարտին, յոյս յայտնելով որ
միջազգային հասարակութիւնը կարողանայ մշտական քաղաքական լուծում գտնել այս երկրին։ Վատիկանի
բանբերը ցաւ յայտնեց որ անցեալին Սոմալիան անտեսուեցաւ միջազգային հասարակութենէն եւ
դարձաւ թիրախ բռնութիւններու, սովի, չքաւորութեան ու եղբայրասպան պատերազմին։ Նշենք որ
միքանի օր առաջ Վատիկանը Անգլիոյ հետ միասին քաջալերեցին միջազգային հասարակութիւնը համախոհ
ռազմավարութիւն մը որդեգրելու։