2012-02-27 12:44:56

Երեւանի Քաղաքապետը Յարգանքի Տուրք Մատուցած՝ Զօրավար Անդրանիկի Յիշատակին։


Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան 25 Փետրուարին այցելած է Եռաբլուր Պանթէոն-ը` յարգանքի տուրք մատուցելու Զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի ծննդեան 147.րդ տարեդարձի առիթով:
Զօրավարի ծննդեան օրուան առիթով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սպասաւորները տեղւոյն վրայ կատարած են հոգեհանգիստի կարգ` Զօրավարի եւ հայ ազգային ազատագրական պայքարի բոլոր նուիրեալ նահատակներու հոգիներու հանգստութեան համար:
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Եռաբլուր Պանթէոնի մէջ ծաղիկներ դրած է նաեւ Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հիմնադիր Աշոտ Նաւասարդեանի շիրիմներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.