2012-02-26 12:06:18

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 26 փետրուարի կէսօրին` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած խուժ բազմութեան ներկայութեամբ։

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց քաղուած Մարկոսի աւետարանի առաջին գլուխէն ուր կը խօսուի Յիսուսի` Յորդանան գետին մէջ մկրտութեան մասին ու ապա անոր դէպի անապատ ուղղուիլը ուր կը մնայ քառասուն օր ու կը փորձուի սատանայէն։

Անապատը որուն կ՛ակնարկէ աւետարանիչը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - կրնայ տարբեր իմաստներ ունենալ։
Կրնայ նշել լքումի եւ առանձնութեան իրավիճակը, վայր մը ուր կը յայտնուի մարդուն տկարութիւնը, ուր չկայ ապահովութիւն եւ ուր փորձութիւնը աւելի զօրեղ կերպով կը յայտնուի։ Անապատը սակայն կրնայ ըլլալ նաեւ ապաստանի վայր մը, այնպէս ինչպէս ներկայացաւ Ւսրայելի ժողովուրտդին երբ Եգիպտական ստրկութենէն ազատեցաւ, վայր մը ուր յատուկ կերպով կարելի է ապրիլ Աստուծոյ ներկայութեան փորձառութիւնը։

Յիսուս անապատի մէջ մնաց քառասուն օր ու փորձուեցաւ սատանայէն։ Այս իրողութիւնը ինչ կը սորվեցնէ մեզի։ Նմանութիւն Յիսուսի գիրգին մէջ կը կարդանք <<մարդս այնքան որքան կ՛ապրի չի կրնար խուսափիլ փորձութիւններէն...սակայն համբերութեամբ եւ իսկական խոնարհութեամբ է որ ան կը դառնայ ոեւէ թշնամիէ աւելի զօրաւոր։ Այն համբերութիւնը եւ խոնարհութիւնը Տիրոջ հետեւելու ամէն օր, սորվելով մեր կեանքը կառուցանել ոչ թէ Անկէ դուրս այլ Իրեն հետ, որովհետեւ Ան է իսկական կենաց աղբիւրը։

Աստուծոյ գոյութեան ժխտումի փորձութիւնը միշտ ներկայ եղած է մարդկային պատմութեան մէջ։ Յիսուս կը յայտարարէ թէ իր գալստեամբ նորութիւն մը պատահեցաւ << ժամանակը լրացած է եւ մօտեցած է Աստուծոյ Արքայութիւնը>>։ Աստուած մարդուն կը հանդիպի չսպասուած կերպով, յատուկ մօտիկութեամբ, լի սիրով։Աստուած կը մարդեղանայ եւ կը մտնէ մարդու աշխարհին մէջ ու իր վրայ կ՛առնէ մեղքի բեռը, յաղթահարելու համար չարը եւ մարդը վերադարձնելու Աստուծոյ ծոցը։ Այս յայտարարութիւնը սակայն որ հրաշալի պարգեւ մըն է ունի համապատասխանատութեան պահանջը։ Ասոր համար Յիսուս կ՛աւելցնէ <<ապաշխարեցէք եւ հաւատացէք Աւետարանին>>։ Հրաւէր մը հաւատալու Աստուծոյ եւ ապաշխարելու ու հետեւելու անոր կամքին։ Քառասնորդացը այն շրջանն է ուր նորոգելու ենք ու ամրապնդելու ենք մեր կապը Աստուծոյ հետ` առօրեայ աղօթքով` ապաշխարութամբ եւ եղբայրական ողորմութեամբ։
Եռանդով աղերսենք Ամենասուրբ Մարիամէն որ հովանի կանգնի ու առաջնորդէ քառասնորդացի մեր ուղեւորութիւնը ու մեզի օգնէ մեր սրտերուն մէջ դրոշմելու համար Յիսուս Քրիտոսի խօսքերը` ամբողջութեամբ նուիրուելով Անոր։

Ձեր աղօթքներուն կը յանձնեմ նաեւ մէկ շաբաթ տեւող Հոգեւոր Կրթութիւնը որ սկիզբ կ՛առնէ այս երեկոյ եւ որուն պիտի մասնակցիմ, Վատիկանի վերին վարչութեան անդամներիուն հետ միասին - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափալելով խորհրդածութիւնը - ու ապայ զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ու տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.