2012-02-26 12:08:14

ՀՕՄ-ը Կը Մասնակցի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ՝՝Կանանց Իրավիճակի՝՝ 56-րդ Խորդրաժողովին։


(ՀՕՄ-ը կազմակերպութեամμ երկու աշխատանիստ՝ Փետրուար 29-ին եւ Մարտ 2-ին)

Հայ Օգնութեան Միութիւնը պիտի մասնակցի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կանանց Իրավիճակի 56-րդ Խորհրդաժողովին, որ պիտի գումարուի Նիւ Եորքի մէջ Փետրուար 27-էն Մարտ 9-ի միջեւ։
Կանանց Իրավիճակի Խորհրդաժողովը ՄԱԿ-ի գլխաւոր կառոյցն է, որ μացառապէս կը զբաղի սեռերու հաւասարութիւնը եւ կանանց յառաջդիմութիւնը ապահովող քաղաքականութեան մշակումով։ Պետութիւններու, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու եւ մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներ ամէն տարի կը հաւաքուին ՄԱԿ-ի մէջ քննելու համար կանանց վերաμերող կարեւորագոյն խնդիրները։ Այս տարուան հիմնական թեման է՝ «Գիւղական միջավայրի մէջ ապրող կանանց հզօրացումը եւ անոնց դերը աղքատութեան ու սովի վերացման մէջ, անոնց զարգացումն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները»։
Որպէս կանանց հարցերն ու իրաւունքները քննող միջազգային հիմնական μեմ, ՀՕՄ-ը այս խորհրդաժողովին կը մասնակցի զանազան մակարդակներու վրայ եւ հագեցած ծրագրով։ Այս տարի ՀՕՄ-ը իր նախաձեռնութիւններու շարքը սկսաւ Կանանց Միջազգային Դրամատան հետ գործակցաμար գրաւոր խօսք մը փոխանցելով ՄԱԿ-ի Կանանց Կառոյցին, որ զայն ընդունեց ու տեղադրեց Կանանց Իրավիճակի 56-րդ խորհրդաժողովի պաշտօնական կայքէջին վրայ, որպէս խորհդաժողովի պաշտօնական փաստաթուղթ (տեսնել՝ http://www.un.org/womenwatch/daw/csw/56sess.htm հասցէն)։
Ասոր կողքին, ՀՕՄ-ը երկու ձեռնարկ կազմակերպած է եւ երրորդ մը կը հովանաւորէ Կանանց Իրավիճակի Խորհրդաժողովի աշխատանքներու առաջին շաμթուան ընթացքին։
Չորեքշաμթի 29 Փետրուարին, ժամը 2.30-ին ՀՕՄ-ը Կանանց Միջազգային Դրամատան հետ կը կազմակերպէ քննարկում մը՝ «Հզօր կանանց ֆինանսաւորումը.- միքրոֆինանսաւորման ու կանանց առողջապահութեան համարկումը» թեմայով։ Քննարկումին պիտի մասնակցին Միռնա Քանինկհամ-Քէյնը (Կանանց Իրավիճակի Խորհրդաժողովի Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութեան Տարուան Կինը մրցանակի այս տարուան թափնեկիր), Ինեզ Միւրէյը (Կանանց Միջազգային Դրամատան Յարաμերական աշխատանքի գծով փոխ-տնօրէն) եւ Ճուտիթ Պրուսը (Բնակչութեան Խորհուրդի գլխաւոր վերլուծաμան)։ Քննարկումը պիտի ղեկավարէ ՀՕՄ-ի ՄԱԿ-ի աշխատանքներու յանձնախումμի ատենապետ Սթեֆանի Քիլեանը։
Այս քննարկումէն անմիջապէս ետք, յետմիջօրէի 4.30-ին, ՀՕՄ-ը կը հովանաւորէ աշխատանիստ մը՝ Վըրճինիա Կիլտըրսլիվ Միջազգային Ֆոնտին, Սորոμթիմիստ Միջազգայինին, Համալսարանական Կանանց Ամերիկեան Միութեան, Մոքա Կաքայ Միջազգայինին, Ամերիկայի Համալսարանաւարտ Կանանց միութեան եւ Համալսարանական Կանանց Միջազգային Դաշնակցութեան հետ միասին։ Այս աշխատանիստի թեման է՝ «Գիւղական պայմաններու մէջ ապրող կանայք եւ աղջիկներ.- վերարտադրողական առողջապահութեան խնդիրներ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.