2012-02-26 12:08:06

Հայագիտական Կեդրոններու Համահայկական Համաժողով։


24 Փետրուարին կայացած Հայաստանի սփիւռքի նախարարին առընթեր ատեանի հերթական նիստի օրակարգին վրայ է «Օտարերկրեայ պետութիւններում գործող հայագիտական կենտրոնների ներկայացուցիչների համահայկական համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքների մասին», «2012թ. ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմից տրամադրուելիք գիտական եւ գիտակրթական գործունէութեան պայմանագրային (թեմաթիք) ֆինանսաւորման նպատակով գիտական թեմաների ցանկը հաստատելու մասին», «Սփիւռքի նախարարութեան անձնակազմի կառավարման բաժնի հաշուետուութիւնը» նիւթերն ու այլ հարցեր:
Այս առթիւ ներկայացուած են օտար պետութիւններու մէջ գործող հայագիտական կեդրոններու ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները, որոնց մէջ կարեւոր նկատուած է համակարգուած գործակցութիւն ծաւալիլը։ Անդրադարձ կատարուած է այն հանգամանքին, որ նման գործակցութիւն մը անպայմանօրէն պիտի նպաստէ հայ ժողովուրդի արդար դատին նկատմամբ տարբեր պետութիւններու վարած քաղաքական կեցուածքներու բարեփոխութեան:
Համաժողովը պիտի ըլլայ գործնական, առաւելապէս պիտի վերաբերի կազմակերպական հարցերու։ Չեն նախատեսուիր զուտ մասնագիտական զեկուցումներ եւ քննարկումներ՝ հայագիտականի առնչուող տարբեր բնագաւառներու մասին։ Շեշտը պիտի դրուի օտար երկիրներու մէջ գործող հայագիտական կեդրոններու դիմագրաւած հիմնական հարցերուն վրայ։ Համաժողովին իբրեւ արդիւնք՝ կ՛ակնկալուի անմիջական կապ հաստատել Սփիւռքի հայագիտական կեդրոններուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հայագիտական կեդրոններուն միջեւ:
Գիտական նիւթերը հիմնականօրէն պիտի ներկայացուին «Նորավանք»ի, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան, արեւելագիտութեան, արուեստի, գրականութեան, հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարաններուն, Երեւանի պետական համալսարանի Եւրոպական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին եւ սփիւռքագիտութեան ամպիոնին հետ համագործակցաբար:








All the contents on this site are copyrighted ©.