2012-02-25 12:23:55

Կարտինալ ֆերնաանտօ ֆիլոնին Կը Ստանձնէ Կարտինալական Աստիճանի Իրեն Շնորհուած՝ Հռոմի թեմի Coromoto-ի Տիրամօր Եկեղեցւոյ Տիտղոսը։


Կիրակի 26 փետրուարին Ժողովուրդներու աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչ նոր անուանուած Կարտինալ ֆերնաանտօ ֆիլոնին կը ստանձնէ կարտինալական աստիճանի իրեն շնորհուած՝ Հռոմի թեմի Coromoto-ի Տիրամօր նուիրուած եկեղեցւոյ տիտղոսը։
Նշենք որ Կարտինալան տիտղոսի տուուչութեան արարողութեան ընթացքին իւրաքանչիւր նոր կարտինալ Քահանայապետէն կ'ընդունի Հռոմի մէկ եկեղեցւոյ անունը` որուն տիտղոսաւորը կը դառնայ ու այսպէսով մաս կը կազմէ Հռոմի թեմին։ Արդարեւ Կարտինալական տիտղոսի տուչութիւնը սերտօրէն կապուած է Հռոմ Քաղաքի հետ ուրտեղեն ունեցած է նաեւ իր ծագումը։ Եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանին Կարտինալներու Համահաւաք դասը կազմուած էր Հռոմի երիցատուներու 25 պատասխանատուներէն , 7 նահանգային սարկաւագներէ, արքունական պալատի 6 սարկաւագներէ ու քաղաքի 7 արուարձաններու եպիսկոպոսներէն, որոնք Սրբազան Պապին խորհրդատուներն էին։








All the contents on this site are copyrighted ©.