2012-02-25 12:23:47

Կարտինալ Ժորժ Գոթիէի Ելոյթը Իտալական Ավվենիրէ Օրաթերթին Հետ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Մասին.


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը եկեղեցւոյ հիմնասիւն։
Զուիցերացի կարտինալ Գոթիէի գնահատումով ներկայ քահանայապետը՝ Պենետիկտոս ԺԶ. թէեւ յոգնած կը թուի սակայն լեցուն է կենսունակութեամբ ու կարող՝ արտակարգ բաներ կատարելու։ Կարտինալ Գոթիէի այս ուղղութեամբ վերակոչեց Սրբազան Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնները Մատրիտ եւ ապա Գերմանիա ինչպէս նաեւ անոր ապագայ տեղափոխութիւնները Մեքսիքո եւ Գուպա։ Այս խոնարհ, պարզ ու համեստ մարդը, ըսաւ զուիրացի կարտինալը, իր մէջ ունի հոգեւոր թանձր ոյժ մը, կարող՝ Քրիստոսի խաղաղութիւնը հաղորդելու բոլոր մարդոց։ Ան կը շարունակէ յառաջ տանիլ իր յայտագիրը, որ է պայքար մղել ապաքրիստոնէացումին դէմ ու ժողովուրդները վերաաւետարանել ։ Կեդրոնական նիւթեր որ կը հետաքրքրեն ներկայ աշխարհը հաստատեց Գոթիէ Կարտինալը։








All the contents on this site are copyrighted ©.