Թուրք Դասախօս Փրոֆ.Լաչինէր "Ամօթ կը Զգայ" Համալսարանապատկան Հայկական Եկեղեցին Աղօթատեղիէն
Դուրս Նպատակներով Օգտագործուելուն Համար։
Թուրքիոյ Ջանաքքալէ քաղաքի «18 Մարտ Համալսարան»ի վերատեսուչ Փրոֆ. Սետաթ Լաչինէր անցեալ
շաբաթ կատարած իր յայտարարութեամբ ըսած է թէ՝ ամօթ կը զգայ համալսարանապատկան հայկական
եկեղեցիին աղօթատեղիէ դուրս նպատակներով գործածուելուն համար։ (Այս մասին կը յայտնէ Պոլսոյ
«Ակօս» շաբաթաթերթը) ։ Այս մասին վերատեսուչ Լաչինէր «Ակօս»-ին բացատրութիւններ տուած
է եւ յայտնած թէ հայերը (յոյներու եւ հրեաներու հետ) Ջանաքքալէ քաղաքի կարեւոր տարրերն
են եւ աւելցուցի «Ջանաքքալէի մէջ երկու հայկական եկեղեցիներ կան, որոնցմէ մէկուն մասին
տեղեկութիւն չունինք։ Բայց ան որ կանգուն է, աշակերտներու կողմէ կ՚օգտագործուի որպէս
բեմահարթակ։ Եկեղեցիին խաչը եւ յիշատակարանը կորսուած են։ Մշակոյթի նախարարութեան որոշումով
եկեղեցին փոխանցուած է համալսարանին։ Իսկ մեր փափաքը այն է, որ իբրեւ աղօթատեղի կառուցուած
շինութիւնները շարունակեն աղօթատեղի մնալ։ Իրողութիւն է, որ 1915-էն ետք քաղաքին մէջ
հայեր չեն մնացած։ Բայց այս իրողութիւնը աւելի ծանր պատասխանատւութիւն կը բեռցնէ մեր
ուսերուն վրայ ։ Պէտք է աւելի շատ տէր կանգնինք։ Աշակերտներուն գործածութեան համար
նոր միջոցներ ապահովեցինք։ Արդէն եկեղեցին դուրս կը մնայ համալսարանի համալիրէն։ Ցաոաջիկայ
օրերուն զանազան դիմումներ պիտի կատարենք։ Եկեղեցին լուրջ խնամքի կարիք ունի։ Պիտի խորհրդակցինք
նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Հոգեւոր Իշխանութեանց հետ( ըսած է Թուրք դասախօս Սետաթ Լաչինէր)։