2012՝ Հայ Գիրքի Տարի Հռչակուած Արամ Ա. Կաթողիկոսէն
Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Գիրքը Հայաստանի ու Կիլիկիոյ վանքերուն մէջ, հայ
հոգեւորականներուն ծաղկած լուսաշող մատեանները տպագրական լայնածաւալ աշխատանքներով արդէն
նոր կերպարանք ու տեսք ստացած էին։ Շնորհիւ հայ տպագրութեան գիւտին, անգամ մը եւս հայ
կեանքը պիտի հարստանար հայ գիրի ու գիրքի ճամբով փոխանցուող մեր հոգեմտաւոր արժէքներով։
Վերանորոգ շունչ ու լայն տարողութիւն պիտի ստանար հայ եկեղեցւոյ մշակութային ծառայութիւնը՝
Ս. Էջմիածինէն մինչեւ Սիս ու ապա Անթիլիաս, Երուսաղէմէն մինչեւ Կ. Պոլիս։ Արդարեւ,
Սիմէոն Երեւանցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետեւողական ճիգերուն շնորհիւ՝ 1771ին Ս. Էջմիածնի
մէջ սկսաւ գործել Հայաստանի հողին վրայ հիմնադրուած առաջին հայկական տպարանը՝ Ս. Գրիգոր
Լուսաւորիչ անունը կրող։ 1772ին, լոյս ընծայուած առաջին հատորին՝ Սիմէոն Երեւանցի Հայրապետին
«Զբօսարան Հոգեւոր» աղօթագիրքին յաջորդեցին աւելի գեղատիպ հատորներ։ Աւանդը փոխանցուեցաւ
յաջորդ կաթողիկոսներուն, որոնց ճիգերուն շնորհիւ Ս. Էջմիածնի տպարանը նշանակալից դեր
ունեցաւ հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւս Սիսի
կաթողիկոսարանին եւ Կիլիկեան վանքերու մէջ աշխոյժ թափով լծուեցաւ հայ գիրքի տպագրութեան
աշխատանքին։ Հայ ժողովուրդին դէմ թուրք պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան
ոչ միայն մէկուկէս միլիոն հայեր զոհ գացին, այլեւ փճացան ձեռագիր ու գիրք, հրոյ ճարակ
դարձան դպրատուն ու տպարան։ 1930ին, Անթիլիասի հողին վրայ հազիւ հաստատուած, մեր ժողովուրդի
հոգեմտաւոր կարիքներուն ունկնդիր, Մայր Տաճար ու Վեհարան կառուցելէ առաջ, տարագիր Ս.
Աթոռի Սահակ Խապայեան Հայրապետը պայծառ տեսիլքը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը
օժտելու իր սեփական տպարանով։ Դժուար պայմաններու մէջ կեանքի կոչուած Անթիլիասի մայրավանքին
համեստ տպարանը սկսաւ գործել 1932ին։