2012-02-24 12:36:25

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Ուրաբթ 24 Փետրուարի առաւօտեան ժամը 12ին, Լատերանեան Պալատին մէջ սկիզբ կ՛առնէ՝ Պենետիկտոս ԺԳ Պապի երանացման եւ սրբադասման դատի նիստերը որուն կը նախագէ Հռոմի տեղապահ արքեպիսկոպոսը՝ Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինի։

Տոմինիքեան հայրերու միաբանութեան Անճէլիքում համալասրանի մէջ, նախատեսուած են ընտանիքի մասին հանդիպումներու շարք մը՝ որ ունի որպէս գլխաւոր նիւթ << փոփոխութիւն եւ անհամաձայնութիւն։ ընտանիքը մարդկութեան Ժառանգութիւն. Իրական երկիր, պետականութիւն, հասարակաց բարիք եւ կրօնական փորձառութիւնը>>։
Վերոյիշեալ համալսարանի Mater Ecclesiae կրօնական գիտութեան մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ՝ կազմակերպուած հանդիպումներու առաջինը՝ տեղի կ՛ունենայ 24 փետրուարի յետ միջօրէին, եւ ունի որպէս նիւթ՝ <<Ընտանիք եւ ընտանիքներ. եզակի հոլովոյթի պատճառները>> եւ <<Ընտանիքը իտալական հաղորդամիջոցներու մէջ>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.