Մոսկուայի Մէջ Հայ եւ Ատրպէյճանցի Մտաւորականներու Միջեւ Հանդիպում Մը Տեղի Ունեցած
։
Ռուսաստանի մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ աւարտած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մտաւորականութեան
ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպումը: Ինչպէս կը հաղորդէ ատրպէյճանական ԱՓԱ գործակալութիւնը,
հանդիպումին ներկայ եղած Ռուսաստանի նախագահի` մշակութային համագործակցութեան հարցերով
յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքոյ ըսած է, որ հանդիպումը անցած է դրական մթնոլորտի
մէջ: «Չեմ կրնար ըսել, թէ հանդիպումին ինչպիսի հարցեր քննարկուած են, սակայն, որոշուած
է նման հանդիպումներ յաճախակի իրակականցնել: Կողմերը կը նախատեսեն այդ ձեւաչափով յաջորդ
հանդիպումը իրականացնել Մայիսին»,-ըսած է Շվիտքոյ` առանց արտայայտուելու թէ ճիշտ ուր
տեղի պիտի ունենայ այդ հանդիպումը: ԱՓԱ Գործակալութիւնը կ'աւելցնէ, որ հանդիպումին
ատրպէյճանական կողմը ներկայացուցած են Ատրպէյճանի ժողովրդական արտիստ Ֆարհատ Պատալպէյլին,
Պաքուի սլաւոնական համալսարանի տնօրէն, փրոֆեսըր Քեամալ Ապտուլան, Ատրպէճանի ազգային
երաժշտանոցի տնօրէն Սիյաւուշ Քերիմլին եւ ուրիշներ: Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ
Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Արմէն Սմբատեանը, Ռուսաստանի մէջ Ատրպէյճանի
դեսպան Փոլաթ Պիւլպիւլօղլուն, Միխայիլ Շվիտքոյը: Նման ձեւաչափով առաջին հանդիպումը
տեղի ունեցած էր 2006ին :Մոսկուայի հանդիպումը այս տեսակի երրորդ հանդիպումն էր։