2012-02-24 12:36:17

Մեքսիքոյի Եկեղեցին Կայքէջ Մը Բացած Է Նուիրուած՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Մեքսիքա Կատարելիք Հովուական Այցելութեան, Յառաջիկայ 23-26 Մարտ։


Մեքսիքոյի եպիսկոպոսական դասը այս լուրը հաղորդելով յայտարարած է որ կայքէջը պիտի ըլլայ յոյժ կարեւոր տեղեկութիւններու աղբիւր մը Եկեղեցւոյ ու Մեքսիքային համար։ Բացի Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կենսագրութենէն ու հրապարակած վերջին շրջաբերական թուղթերէն (www.benedictomexico.mx) կայքէջը կը ներփակէ Սրբազան Քահանայապետին Մեքսիքա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը, օրակարգը, ճառերը, ծիսակատարութիւնները ինչպէս նաեւ աղօթքը շարադրուած այս առիթին համար։ Կայքէջին հետեւողը պիտի գտնէ ներկայացումը Սրբազան Քահանայապետի կողմէ կատարելիք վայրերու եւ նկարներու շղթայ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.