2012-02-24 12:36:06

Հոգեւոր Կրթութիւն Վատիկանի Մէջ 26 Փետրուարէն 3 Մարտ


<<Քրիստոնեայի Հաղորդութիւնը Աստուծոյ հետ>> այս է 2012 տարւոյն քառասնորդաց շրջանի սկիզբը նախատեսուած՝ Հոգեւոր Կրթութեան նիւթը, ի պատրաստութիւն Ս. Զատկուայ տօնին։ Հոգեւոր կրթութիւնըտեղի կ՛ունենայ Վատիկանի Redemptoris Mater մատրան մէջ Սրբազան Քահանայապետի մասնակցութեամբ։
Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ, Վատիկանի վերին վարչութեան հոգեւոր կրթութիւնը քարոզելու, հրաւիրած է Գինշասայի Արքեպիսկոպոս` Գոնկոլացի կարտինալ Լորան Մոնսենկուօ Բազինիան։
Ան որպէս նիւթ ընտրած է Յովհաննէս առաքեալի առաջին թուղթէն քաղուած հետեւեալ հատուածը << Մեր հաղորդութիւնը ըլլայ Հօր, եւ անոր Որդիին` Յիսուս Քրիստոսի հետ>>։
Մէկ շաբաթ տեւող Հոգեւոր Կրթութիւնը սկիզբ կ՛առնէ կիրակի 26 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 18ին Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքով ու Ժամասացութեան արարողութեամբ։ Հոգեւոր Կրթութիւնը վերջ կը գտնէ շաբաթ 3 մարտի՝ առաւօտեան ժամը 9ին








All the contents on this site are copyrighted ©.