2012-02-24 12:36:53

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-ինստիտուտի Տնօրէն՝ Հայկ Տէմոյեանը։


Հինգշաբթի, 23 փետրուարին (2012) առաւօտեան ժամը 11-ին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Ծիծեռնակաբերդի հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն՝ Հայկ Տէմոյեանը, ընկերակցութեամբ տնօրէնին տեղակալ Սուրէն Մանուկեանին։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան հայ կաթողիկէ պատրիարքական հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնաժողովի անդամներ՝ Գեր. Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան, Տիարք՝ Ռաֆայէլ Ումուտեան, Սարգիս Նաճարեան, Կրէկուար Գալուստ եւ Տ. Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան։
Հանդիպման ընթացքին, Հայկ Տէմոյեան ներկայացուց հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի գործունէութեան ուղղութիւնները եւ ցեղասպանութեան ճանաչման գծով կատարուելիք աշխատանքները նոր մօտեցումով։ Ան այս գծով շեշտեց կարեւորութիւնը միասնականութեան եւ միաժամանակ ցեղասպանութեան յիշողութիւնը պատշաճօրէն փոխանցելու նոր սերունդներուն։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ներկաներուն տեղեկացուց հայ կաթողիկէ պատրիարքական հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի յանձնաժողովի աշխատանքներուն մասին։ Այս շրջագիծին մէջ, Հ. Վարդան Գազանճեան ներկայացուց 100-ամեակի նուիրուած Logo-ի մը նախագիծը, որ պիտի ուղղարկուի կեդրոնական յանձնախումբին։








All the contents on this site are copyrighted ©.