2012-02-23 12:44:39

Քառասնորդաց Շրջանի Առթիւ Խորհրդածութիւն


Քաղուած՝ Երուսաղէմի Եւ Յորդանանի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝
Գերպ. Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Քէլէկեանի Քառասնորդացի Պատգամէն։
Քրիստոնէական եկեղեցիներու դարաւոր սովորութիւնն է Յիսուսի Յարութեան տօնէն առաջ` կատարել ապաշխարանքի, աղօթքի, ծոմի եւ պահքի շրջան մը, որ կը տեւէ քառասուն օր, ի յիշատակ Քրիստոսի պահած ծոմին, քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր, անապատին մէջ, իր մկրտութենէն ետք, առ ի պատրաստութիւն իր հանրային կեանքին եւ Աստուծոյ արքայութեան քարոզութեան։
Մինչ այդ` Յիսուսի կեանքը ընթացած էր շատ համեստ պայմաններու մէջ, Գալիլիոյ աննշան մէկ քաղաքը, Նազարէթ, իր ծնողաց հովանիին ներքեւ, արտասովոր որեւէ երեւոյթէ խուսափելով, աշխատանքի միապաղաղ ընդելուզումովը խոնարհ ընտանեկան կեանքի հետ։
Նազարէթէն լաւ բան կրնա՞յ ելլել, բացագանչած էր իր ապագայ առաքեալներէն մին, երբ իր ընկերը` Փիլիպպոս, զինք բերած էր Յիսուսի մօտ։ Այո՛, Քրիստոս խնամքով ծածկած էր իր ինքնութիւնը խոնարհ եւ աննշան կերպարանքի մը տակ, թաքուն` աշխարհի մեծամեծներէն ու գիտուններէն, աննշմար` շրջանի նոյնիսկ տեղական կրօնական իշխանութիւններէն։
Եւ ահա կը հասնի ժամը. Իր գալուստը պատրաստող անձը, Յովհաննէս, սկսած է արդէն դարձի եւ ապաշխարութեան բերել ժողովուրդէն շատերը, որպէսզի պատրաստ հոգիով կարենան ընկալել Մեսիան, Քրիստոսը, խոստացուած Փրկիչը։ Յիսուս կու գայ անոր մօտ, ինք եւս, խոնարհաբար, նման բոլորին, մկրտուելու Յովհաննէսի ձեռքով, ցոյց տալով մարդկութեան թէ ինչ է պայմանը մասնակից դառնալու Աստուծոյ պատրաստած փրկութեան։
Մկրտութենէն ետք` ՙՅիսուս Հոգիէն անապատ առաջնորդուեցաւ, սատանայէն փորձուելու համար։ Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմ պահեց եւ անօթեցաւ՚ (Մատթ. Դ. 1-2)։ Յիսուս անապատ կ՛երթայ եւ ծոմ կը պահէ, որպէսզի կարենայ դէմ դնել սատանայի փորձութիւններուն։ Քարոզութենէն առաջ` Հայր Աստուած թոյլ կու տայ սատանային փորձելու այն անձը որ սահմանուած է ըլլալու փրկիչը մարդկային ցեղին. Թերեւս սատանան յաջողի զինք հրաժարեցնելու իր ծրագրէն եւ մարդկութիւնը դարձեալ մնայ գերի իր ճիրաններուն ներքեւ։
Ուստի զօրանալու համար հոգեպէս եւ դիմադրելու փորձիչի սադրանքներուն` Յիսուս յանձն կ՛առնէ ծոմապհութեան այս ծանր փորձառութիւնը։ Յետագային, երբ կ՛ուղարկէ իր աշակերտները քարոզելու եւ բուժելու հիւանդները, ու անոնք անկարող կ՛ըլլան չար ոգի մը հանելու պատանիի մը մէջէն, ու միայն Յիսուս կրնայ հանել դեւը, կը հարցնեն Յիսուսի. ՙԻսկ մենք ինչու՞ չի կրցանք հանել զայն՚ Յիսուս` իր պատասխանին մէջ կ՛ըսէ. ՙԱյս տեսակ դեւերը չեն արտաքսուիր եթէ ոչ աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ՚ (Մատթ. ԺԷ. 19-21)։








All the contents on this site are copyrighted ©.