2012-02-23 12:44:14

Արժանթինի Մէջ Երկաթուղային Շոգեկառքի Աղէտալի Արկածը Պատճառ՝ 50 Մեռեալներու եւ 600 Վիրաւորներու։


Պուէնօս Այրէսի Օնչէ կայարանը պատահեցաւ (երէկ) վերջին 30 տարիներու Արժանթինի ամենէն աղէտալի երկաթուղային շոգեկառքի արկածը որ պատճառ է 50 մեռեալներու եւ 600 վիրաւորներու,որոնցմէ 200ի վիճակը ծանր ։ Արկածի մասին վկայութիւնները սահմռկեցուցիչ են , աւելի քան հազար ճամբորդներով գնացքը կը հասնի Օնչէ թաղամասի բազմութեամբ կուտակուած կայարանը առանց արգելակի եւ կը բախի երկաթուղային գնացքի կայարանին ։
Անմիջական եղան Միջազգային Հասարակութեան ցաւակութեան արտայայտութիւնները,մինչ այդ Արժանթինի Կառավարութիւնը սուգի երկու օրեր հռչակեց։ Իսկ երկրի համքարութիւնները տարիներէ ի վեր կը մեղադրեն ու կը մատնանշեն ներդրումներու պակասը՝ գնացքի ու երկաթուղային ցանցի նորգումի ու վերաշինութեանը համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.