2012-02-22 12:34:19

Ս. Աթոռը Փերուի Կաթողիկէ Քահանայապետական Համալսարանէն Կը Խնդրէ Պահպանել Համալսարանին Կաթողիկէ Ինքնութիւնը։


Կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովը մերժած է վաւերացնել Փերուի համալսարանի վերջին կանոնները, պահանջելով որ համալսարանի ռեկդորը նշանակուի Լիմայի առաջնորդէն եւ ոչ թէ ուսուցչական եւ ուսանողական մարմիններէն։ Կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովը կը հաստատէ առաջին՝ հարկաւորութիւնը պահելու կաթողիկէ համալսարաններու ինքնութիւնն ու առաքելութիւնը եւ երկրորդ կը յիշեցնէ որ եկեղեցական իշխանութիւնները առաջին պատասխանատուներն են կաթողիկէ համալսարաններուն։ Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ խնդրեց որ Փերուի համալսարանի իշխանութիւնները վերատեսեն իրենց կանոնները ժամանակ տալով մինչեւ Զատիկը։ Յայտնենք որ ընդհարումը ի յայտ եկաւ երբ համալսարանի պատասխանատուները ուզեցին նոր ռեկտոր մը ընտրել , անկախ՝ Լիմայի առաջնորդի խորհուրդէն, վախնալով որ կրնան իրենց ինքնավարութիւնը կորսնցնել։








All the contents on this site are copyrighted ©.