2012-02-22 14:35:53

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Օր Մոխրոցի Առթիւ Գործունէութիւնը։


22 Փետրուարը ՜՜օր մոխրոց՝՝ է ըստ լատինաց։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10.30-ին՝ ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց բազմահազար հաւատացեալներուն, իսկ յետ միջօրէի ժամը 16.30-ին՝ Հռոմի Ավէնթինօ շրջանի` Սանթա Սապինա Տաճարին մէջ, (Ե. դարուն կառուցուած) Նորին Սրբութիւնը գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը եւ կատարեց Մոխրոց Օրհնութիւնը։
Օր Մոխրոցը ամէն տարի կու գայ հաւատացեալներուն յիշեցնելու՝ երկրաւոր բարիքներուն ունայն եւ անցողական բնոյթը, յիշեցնելով մարդուն թէ ան ՝՝ հող էր եւ հող պիտի դառնայ՝՝ ։
Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած արարողութիւնը, սկիզբ առաւ թափօրով, կարտինալական դասի անդամներուն, եպիսկոպոսներուն, Սուրբ Անսէլմոյի Պենետիկտեան հայրերուն ու Սրբուհի Սապինայի Տոմէնիքեան հայրերու մասնկացութեամբ։ Հուսկ տեղի ունեցաւ սուրբ Պատարագը ու մոխրոց օրհնութիւնը։
Լատին եկեղեցւոյ համար Մեծ Պահքի տեւողութիւնը 40 օր է։ Եկեղեցիէն հաստատուած է որպէս պատրաստութիւն Քրիստոսի Չարչարանքի, Խաչելութեան, Մահուան եւ Փառաւոր Յարութեան։ Մեծ պահքին ընթացքին, հաւատացեալը հրաւիրուած է ապրելու այս շրջանը աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ողորմութեամբ։ Ծոմապահութիւնը կը կայանայ ինքզինք կերակուրէն զրկելու մէջ, հաւատացեալի տարիքին եւ առողջութեան համաձայն։ Իսկ խիստ ծոմապահութիւնը կը կատարուի երկու անգամ մին մոխրոց օրուայ առթիւ ու ապա Աւագ Ուրբաթ օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.