2012-02-22 12:30:28

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 22 Փետրուարին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ։
Սրբազան Հայրը այսօրուայ իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Օր Մոխրոց-ին (ըստ լատին եկեղեցւոյ) ու մեծ պահքի շրջանին։
Սիրեցեալ Եղբայրներ ու քոյրեր, այսօր կը նշուի օր մոխրոցը որով սկիզբ կ՛առնէ քառասնորդաց շրջանը։ Այս զղջումի ու ապաշխարութեան ուղեւորութիւնը բոլորին համար է, ըլլայ անոնց որոնք կը պատրաստուին մկրտութեան խորհուրդը ստանալու, ըլլայ անոնց որոնք հեռու են Աստուծմէ ու կը փնտռեն հաշտութիւնը եւ ըլլայ անոնց համար որոնք կ՛ապրին հաւատքի կեանք մը եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան մէջ։ 40 օրերու ընթացքին կանչուած ենք ապրելու սպասումի, բիւրեղացման, փորձութիւններու եւ նաեւ Աստուծոյ խոստումներուն հաւատարմութեան փորձութիւնը։
Միեւնոյն ատեն կ՛ապրինք փորձառութիւնը՝ մեղքի, եսասիրութեան ու աշխարականացումի եւ նիւթապաշտութեան որ կը մեր կեանքէն ներս Աստուծոյ գոյութիւնը կը ժխտեն ։ Այս օրերուս կանչուած ենք հետեւելու Յիսուսին որ մեզի կը սորվեցնէ յաղթահարել փորձութիւնները։ Մենք ալ Յիսուսի նման կը վերագտնենք ճշմարտութիւնը եւ Փրկութեան երջանկութիւնը հաւատքով ու համբերութեամբ ապրելով փորձութիւնները, խորհրդածելով ու ի գործ դնելով Աստուծոյ Խօսքը ու աւելի ժամանակ յատկացնելով աղօթքին։

Խորհրդածութեան աւարտին՝ Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու ապա յատուկ խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։Քառասնորդաց շրջանը առիթն է խորացնելու ձեր Հոգեւոր կեանքը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հուսկ խրախուսեց զանոնք դիմելու ծոմապահութեան, աղօթքի եւ ողորմութեան, եւ մաղթելով բոլորին բարի քառասնորդաց շրջան մը, տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.