2012-02-22 14:37:08

Էջ Շը Հայ Մատենագրութենէն։
ՊՐՈՅԵՐԵՍԻՈՍ կամ հայկական Անունովը՝Պարոյր Մեծ Ճարտասանը։


Օտար ազգերու մօտ ալ ծաղկեցան նաեւ հայ գրագէտներ` որոնք մեծ անուն թողուցին եւ փառքի ու պատուի ալ արժանացան. սակայն անոնց անունները միայն կը յիշուին օտար պատմաբաններու մօտ` իսկ մեր հայ պատմաբանները զանոնք բնաւ չեն յիշեր. նոյնիսկ անոնց գրուածքներէն մեզի բան չէ հասած` ի բաց առեալ անոնցմէ մէկէն` որ է Պրոյերեսիոս կոչուած մեծ ճարտասանը` որուն հայկական անունն է Պարոյր։
Պարոյրի վարքը գրած է իր յոյն աշակերտներէն մին, Եւնաբիոս։Ան իր վկայութիւնը կ՚արտայայտէ մեծ հիացմամբ այդ մանկադէմ ծերունիի մասին` որ նոյնիսկ իր իննսունամեայ տարիքին, պահած էր իր երիտասարդական գեղեցկութիւնը։Գեղեցկութեան հետ ունէր նաեւ բարձր հասակ. ութը ոտք բարձր էր կ՚ըսէ Եւնաբիոս` այսինքն երկու մեթրէն աւելի` ինչ որ հազուագիւտ է Հայոց մօտ։
Պատանի հասակէն արդէն Պարոյր կ՚ուզէ զարգանալ գիտութեանց մէջ` եւ ասոր համար կը ճամբորդէ Հաաստանէն - չէ յիշուած իր բուն ծննդավայրը - դէպի Անտիոք։ Հոն կը հանդիպի Ուլպիանոսի որ ճարտասանութեան դպրոց մը բացած էր եւ իրըն կ՚աշակերտի. շատ քիչ ժամանակէն` լաւագոյն աշակերտը կը հանդիսանայ։ Ուլպիանոս զինքը Աթէնք կ՚ուղարկէ իր բնատուր ճարտասանութիւնը աւելի կատարելագործելու համար։Հոն կը բարեկամանայ Հեփեստիոն անունով ուրիշ մէկ ճարտասանի հետ եւ անոր տունը կը մնայ։ Սակայն երկուքն ալ այնքան աքատ էին որ միան մէկ զգեստ ունէին. ուստի օր մը Պարոյր կը զգեստաւորուէր եւ դուրս կ՚ըլլէր իր ճարտասանական արուեստը իրագործելու` միւս օր, Հեփեստիոնն էր որ կ՚ելլէր` իսկ Պարոյր տունը կը մնար։
Երբ Աթէնքի մէջ պէտք եղաւ ճարտասանութեան ուսուցիչ մը ընտրելու` ամէնքը կը յուսային որ այս երկուքէն մէկը կ՚որոշուէր` սակայն նախանձոտ մարդիկ` կաշառակերութեամբ` յաջողեցան ուրիշ մը դնել` իրընցմէ շատ աւելի խեղճ կարողութեամբ։ Նոյնիսկ յաջողեցան Պարոյրը քաղաքէն դուրս վտարել։ Քիչ ժամանակ ետք սակայն ան կրցաւ` բարեկամներու օգնութեամբ ետ Աթէնք դառնալ` մանաւանդ որ քաղաքին կառավարիչը փոխուած էր։
Աթէնքի նոր իշխանը ուզելով կարգել նոր ճարտասան մը քաղաքին համար հրաւիրեց բոլորը մրցոյթի մը մասնակցելու եւ առանց պատրաստութեան ճառ մը խօսելու. ոչ ոք համարձակեցաւ` մանաւանդ որ շատ դժուարին նիւթ մը ընտրուած էր։Միայն Պարոյրն է որ յառաջացաւ` խնդրելով որ իր ճառը գրի առնուի քարտուղարներու կողմէ` որպէսզի ըթէ սխալ մը ըլլայ` սրբագրուի. այնպիսի ճարտասանութեամբ խօսեցաւ ան` որ բոլորը հիացան` նոնիսկ իր թշնամիները. իսկ երբ վերջացուց` առաջարկեց նոյն ճառը դարձեալ կրկնել` որպէսզի եթէ քարտուղարները սխալ մը ըրած էին` կամ խօսք մը փախցուցած` սրբագրէին։Ու նոյնութեամբ իր անգիր արտասանած ճառը դարձեալ կրկնեց` ի զարմանս բոլոր ներկաներուն։Ասոր վրայ` յայտարարուեցաւ թէ ինքն էր Աթէնքի մեծագոյն ճարտասանը` եւ արժանացաւ իշխանին սեղանակից ըլլալու այնուհետեւ։
Յետագային Կոստանդ կայսրը զինք հրաւիրեց Գաղղիա ( աժմու ֆրանսան )հոն եւս ճառախօսութիւններ ընելու` որմէ ետք կանչուեցաւ Հռոմ. իր փառքը հասաւ այն աստիճանի որ Հռոմի մէջ պրոնզէ իր արձանը կանգնեցին` դնելով արձանին տակը հետեւեալ մակագրութիւնը. Թագուհին Հռոմ` թագաւորի բանին - ասինքն քաղաքներու թագուհի Հռոմը` խօսքի թագաւորին։
Սական կարճատեւ եղաւ իր հռովմէական փառքը` որովհետեւ Հռովմէական կասրութեան գահին վրայ բարձրացաւ Յուլիանոս ուրացող կայսրը. ան ուզեց որ Պարոյր իր գործերուն գովեստը հիւսէ իր ճառերով` սակայն Պարոյր խորապէս քրիստոնեայ ըլլալով` չկատարեց ուրացող կայսեր այս հրամանը եւ թողլով Հռոմը վերադարձաւ Աթէնք։Հոս է որ իննսուն տարեկանին սկսաւ դասաւանդել ճարտասանութիւնը եւ տասնը ինը տարեկան Եւնաբիոսը` որ ապագային իր վարքը պիտի գրէր` ըղաւ իր աշակերտը։
Պարոյր ապրեցաւ մինչեւ իննսուն հինգ տարեկան եւ մեռաւ մեծ անուն ձգելով աթէնացիներու մօտ։ Յետագային իր մասին Սուրբ Գրիգոր Աստուածաբան գրեց ներբող մը ուր Պարոյրը կը նմանի արեւուն` մինչ միւս բոլոր ճարտասանները աղօտ կանթեղներ են։ Պարոյրի անունը անմահ է բոլոր աշխարհի ճարտասանութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.