2012-02-22 14:36:55

Է.Նալբանդեան Կ՝ընդունի Եւրոպական Խորհրդարանի Պատուիրակութիւնը։


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց շրջանային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը գոհունակութիւն յայտնեց Եւրոպական Միութեան հետ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան եւ բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններուն, եռանդուն կերպով զարգացող փոխադարձ յարաբերութիւններուն առնչութեամբ` ընդգծելով միջխորհրդարանական ձեւաչափի կարեւորութիւնը:
Կողմերը գոհունակութեամբ նշեցին, որ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է յուլիս 2010-ին սկսած Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ընկերակցութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ:
Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին Եւրոպական Միութեան որոշումը Հայաստանի հետ խոր եւ համապարփակ առեւտուրի գօտիի ստեղծման մասին բանակցութիւններուն սկզբնաւորման վերաբերեալ: Այդ առումով նշուեցաւ, որ Հայաստանի մէջ նախապատրաստական լուրջ բարեփոխումներ իրականացուեցան եւ էական արդիւնքներ արձանագրուեցան շարք մը ասպարէզներուն մէջ:
Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութեան խնդրանքով նախարար Նալբանդեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին ներկայ հանգրուանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.