2012-02-22 14:36:42

Արցախի Վաղուհաս Գիւղի Նորակառոյց Եկեղեցւոյ Օծում։


Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք Մարտիրոսեանի ձեռամբ 19 Փետրուարին' օծումը կատարուեցաւ Մարտակերտի շրջանի Վաղուհաս գիւղի Ս. Մարիամ Աստուածածին նորակառոյց եկեղեցւոյ։
Նոր եկեղեցւոյ կառուցումը սկիզբ առած էր 2007-էն ի վեր, ՜՜ բարերարութեամբ ծնունդով վաղուհասցի, ռուսիաբնակ գործարար Գրիգորի Հայրապետեանին։
Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Պարգեւ Սրբազանը շնորհաւորեց վաղուհասցիները եւ յորդորեց որ մշտապէս վերանորգեն իրենց քրիստոնէական հաւատքի ուխտը նորակառոյց աղօթքի տան։
Յաւարտ հոգեւոր արարողութեան տեղի ունեցաւ մատաղի բաշխում եւ ժողովրդական տօնախմբութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.