2012-02-22 12:51:48

՜՜Հայկական Ցեղասպանութիւն՝ Ճանաչումէն Հատուցում՝՝ Բնանիւթով Միջազգային Համագումար Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ։


Նախագահութեամբ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, եւ կազմակերպութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 23–25 Փետրուար (2012), Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, տեղի կ՝ունենայ ՜՜Հայկական Ցեղասպանութիւն՝ Ճանաչումէն Հատուցում՝՝ բնանիւթով միջազգային համագումար մը որուն պաշտօնական բացումը տեղի կ՝ունենայ 23 Փետրուարի՝ ժամը 6–ին Կաթողիկոսարանի վեհարանի դահլիճին մէջ։ Այս առթիւ խօսք կ’առնեն՝ Արամ Ա. Վահափառը, Դատաւոր Ֆաուսթօ Փօքար՝ նախկին Եուկոսլաւիոյ յատուկ Միջազգային Ոճրային Դատարանին Նախագահը եւ Դատաւոր Ճօ Վերհովէն՝ Միջազգային Արդարութեան Դատարանին Դատաւոր։ Բացման այս հանդիպումին՝ ներկայ պիտի ըլլան միայն հայ թէ օտար յատուկ հրաւիրեալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.