2012-02-21 13:11:16

Հայոց Լեզու Կը Սիրեմ Քեզ. Այսօր 21 Փետրուար Օր Մեր Մայրենի Լեզուին.


1999ին ՈՒՆԵՍՔՕ-ն Փետրուար 21ը յայտարարեց Մայրենիի Միջազգային Օր: 2005ին Հայաստանի Ազգային ժողովի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախաձեռնութեամբ՝ փոփոխութիւն մտաւ «տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ եւ ՀՀ պետական տօնացոյցին մէջ Փետրուար 21ը հաստատուեցաւ իբրեւ Մայրենի Լեզուի Օր:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ այս ՝՝Օրը՝՝ կոչուած է նպաստելու Մեսրոպատառ ոսկեղենիկ մայրենիի հետ առնչուած խնդիրներու բարձրացման, անոնց լուծման ուղղուած հնարաւոր ճանապարհներու ուղենշման, ինչպէս նաեւ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի համայնքներու մէջ Սուրբ Մաշտոցին եւ հայ գրականութեան ու մշակոյթի երախտաւորներուն նուիրուած ամենաբազմազան ձեռնարկներու կազմակերպման շնորհիւ՝ երիտասարդ սերունդին մէջ հայրենասիրութիւն ներշնչելու:
Հայաստանի մէջ այսօր, այս առիթով, տեղի կ’ունենան բազմաթիւ ձեռնարկներ. Երեւանի քաղաքապետ Տ. Մարգարեան եւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ու այլ պաշտօնատար անձինք ներկայ կ՝ըլլան Մատենադարանի նորակառոյց շէնքի դահլիճին մէջ կազմակերպուող ձեռնարկին, ուր ելոյթ կ՝ունենան յատնի արուեստագէտներ՝ ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտներ Ազատ Գասպարեան, Սիլվա Եուզպաշեան, Ռոպերթ Ամիրխանեան, Անահիտ Մխիթարեան, օփերային երգիչ Գէորգ Հաճեան, օփերային թատրոնի մեներգիչ Յովսէփ Նշանեան, ինչպէս նաեւ «Գեղարդ» եւ «Ծաղկազարդ» երգչախումբերը:
Այսօր ժամը 14:30ին՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ԵՊՀ Լրագրական բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ՝ կ’իրականացուի «հեռուստատեսութիւնը եւ հասարակութիւնը» խորագրով գիտաժողովը:
Իսկ ժամը16:50ին ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան եւ այլ պաշտօնատար անձինք կ'այցելեն Օշական եւ ծաղիկներ կը դնեն ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑի շիրիմին:








All the contents on this site are copyrighted ©.