2012-02-21 14:00:52

Ասորի Կաթողիկէներու Պատրիարքը Մեծապէս Մտահոգ է Սուրիոյ Քրիստոնեաներու Կացութեամբ`
<<Քրիստոնեաները իրենք զիրենք վտանգի մէջ կը զգան>>։


Սուրիոյ քրիստոնեաները մտահոգ են եւ կը վախնան որ քաղաքացիական պատերազմ մը ծագի, որուն առաջին զոհերը իրենք պիտի ըլլան, յայտարարած է ասորի կաթողիկէներու պատրիարքը գերերջանիկ Եուսէֆ Գ Եունան։ Ներկայ ընդհարումները կրօնական պատերազմի պատճառ կրնան դառնալ ընդմէջ սուննիդ եւ ալաուիթ իսլամ համայնքներու , որուն առաջին թիրախները քրիստոնեանները կը հանդիսանան։ Քրիստոնեաները քաղաքական ոչ մի հոսանք ունին եւ հետեւաբար՝ անոնք զինուած չեն ու տարածուած են Սուրիոյ բոլոր հողամասերուն վրայ։
Մարոնիներու Պշարա էլ Ռայի պատրիարքը եւս, ռատիովատիկանին հետ ունեցած իր ելոյթով մաղթանք յայտնած է որ միջազգային հասարակութիւնը օգնէ արաբական աշխարհը, բաժնելու կրօնքը պետութենէն, ու յառաջանալու հանրավարութեան ընթացքով։ Միջազգային հասարակութեան պարտականութիւնն է, հաստատած է Պատրիարքը, օգնել Սուրիոյ` լուծումներ գտնելու՝ երկխօսութեան ճամբով եւ ոչ թէ բռնութեան ճամբով ։ Պշարա էլ Ռայի Պատրիարքի գնահատումով՝ Սուրիոյ մէջ գործող ծայռայեղ խմբակները դրամ եւ զէնքեր կը ստանան օտար պետութիւններէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.