2012-02-20 13:56:20

Քրիստոնեայ Քաղաքական Անկախ Ուժերու Հանդիպումը՝Հարիսայի Մէջ։


Լիբանան։ Լիբանանեան քրիստոնեայ քաղաքական անկախ խումբ մը անձնաւորութիւններ անցեալ շաբաթավերջին Լիբանանի Տիրամօր մատրան մէջ (Հարիսա) ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկեցին քաղաքական եւ ազգային շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան հանդիպումի ընդհանուր քարտուղար Ապտալլա Ֆարհաթ, նախկին նախարարներ Էլիաս Սապա, Ժոզեֆ Հաշեմ, Սլէյման Թրապուլսի, Քերիմ Բագրատունի, Նաժի Պուսթանի, Ժորժ Քորմ, Եաագուպ Սարրաֆ, Էլիաս Հաննա եւ Ժաք Չուխատարեան, նախկին երեսփոխաններ Էլի Ֆըրզլի, Ժըպրան Թոք, Էլիաս Սքաֆ, Ֆարես Պուէյզ, Մարուան Ապու Ֆատել, Ժորժ Նաժըմ, Փիեռ Տաքքաշ, Սելիմ Հապիպ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Մունիր Հաժ, իրաւաբան Ռաշատ Սալամէ, դեսպան Ֆուատ Թըրք, Շատի Մասաատ, Շարլ Ղոսթին, Ֆուատ Ապու Նատեր, Ճօ Էտտէ, Ժոզեֆ Եաշուհի, Միշել Քարամ եւ Քլոտ Պուէյզ – Քանաան:
Այս հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն շեշտուեցաւ, որ հանդիպումին անունը ժամանակաւոր է եւ աւելի ուշ ան փոփոխութեան պիտի ենթարկուի: Հաղորդագրութիւնը նաեւ աւելցուց, որ հանդիպումին ազգային-քաղաքական գործելաոճը ուղղակիօրէն պիտի պատշաճեցուի մարդկային իրաւունքներու ուխտին, հոգեւոր սկզբունքներուն եւ պարկեշտութեան` հիմնական կարգախօս ունենալով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին «Գործակցութիւն եւ սէր» նշանաբանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.