2012-02-20 12:07:08

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը:


Երկուշաբթի 20 Փետրուարի առաւօտեան ժամը 11ին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան Սրահին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց` անցեալ շաբաթ օր` կարտինալական աստիճանը ստացած նոր ծիրանաւորներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն։
Ներկաներուն ուղղած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց կարտինալներու ընտանիքներու անդամներուն ու բարեկամներուն քաջալերելով զիրենք մօտիկ ըլլալու նոր կարտինալներուն անոնց նեցուկ կանգնելով իրենց առաքելութեան մէջ։
Սրբազան Հայրը ապա մէկ առ մէկ ողջունեց նոր կարտինալները արտասանելով անոնց անունները։ Հուսկ զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսք ուղղեց Պօղոս Զ-իանուան սրահին մէջ համախմբուած` հաւատացեալներուն մասնաւորապէս շեշտը դնելով եկեղեցւոյ մէջ միութեան անհրաժեշտութեան վրայ << Միութեամբ ապրիլ եկեղեցւոյ հետ ու անոր արձակած փրկարար պատգամին` կը նշանակէ խարսխուած մնալ ճշմարտութեան, ամրապնդել արժէքներու նշանակութիւնը, ու խաղաղօրէն դիմագրաւել անցուդարձերը։
Ձեզ կը խրախուսեմ մնալու միացած ձեր Հովիւներուն ինչպէս նաեւ Նոր կարտինալներուն հետ որպէսզի հաղորդակցութեան մէջ մնաք եկեղեցւոյ հետ։ <<Եկեղեցւոյ միութիւնը Աստուածային պարգեւ մըն է որ պէտք ենք պաշտպանել ու աճեցնել>> ըսաւ Սրբազան հայրը խօսքը եզրափակելով ու նոր կարտինալները յանձնելով Աստուածամօր, Սուրբ Պետրոսի ու Սուրբ Պօղոսի հովանիին, բոլորին տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։

Նշենք որ Շաբաթ 18 փետրուարի առաւօտեան, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարին մէջ է որ տեղի ունեցաւ Կարտինալական Հրապարակային Խորհրդաժողովը եւ որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը կատարեց Կարտինալական տիտղոսի տուչութիւնը։ Նոյն նիստի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Սուրբերու եւ Երանելիներու դատերու վաւերացման քուէարկութիւնը։ Վերոյիշեալ արարողութեամբ կարտինալական դասի թիւը բարձրացաւ 214ի, որոնց 125ը՝ քահանայապետ ընտրելու իրաւունքը ունին։
Նոր նշանակուած 22 կարտինալներու մէջ կան 10 Վատիկանի Վերին Ժողովի պատասխանատուներ, 8 արքեպիսկոպոսական թեմերու առաջնորդներ եւ 80 տարեկանը անց 4 կարտինալներ։
Ներկայ ընտրող կարտինալական դասին 30ը իտալացի են, 12ը Միացեալ Նահանգներէն, 6 գերմանացի, 6 պրազիլցի, 5 սպանացի, 4 ֆրանսացի, 4 լեհ, 4 մեքսիքացի եւ հնդիկ։ Յառաջիկայ քոնկլաւին 125 կարտինալներու 67ը եւրոպացի են, 22ը լատինամերկացի, 15 հիւսիսային ամերիկացի, 9 ասիայէն, 11 ափրիկեցի եւ մէկը Ովկիանիայէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.