2012-02-20 13:56:06

Յունաստանի Նախարարաց Խորհուրդը Որդեգրեց Եւրոպական Միութեան եւ Միջազգային Դրամական ֆոնտին Կողմէ Պահանջուած Տնտեսական Սեղմումի Վերջին Միջոցառումները:


Տնտեսական այս յաւելեալ սեղմումները մաս կը կազմեն 3.3 միլիառ Էուրոյի թղթածրարի մը, որ պիտի բարելաւէ Էուրոյի գօտիի տնտեսութեան նախարարներուն կողմէ Յունաստանի տնտեսութեան 130 միլիառ Էուրոյի փրկարար օժանդակութիւն տրամադրելու որոշումի որդեգրման առիթները:
Աթէնքը այդ գումարին ներդրումին պէտք ունի յառաջիկայ ամիս սնանկացումէ խուսափելու համար: Յունաստանի կրթութեան նախարար Աննա Տիամանթոփուլու յայտնեց, որ «բոլոր կարեւոր հարցերուն շուրջ համաձայնութիւն կայ, ուստի կը հաւատամ, որ տնտեսութեան նախարարը Էուրոյի խմբակի ժողովին փոխանցելիք լաւ լուրեր պիտի ունենայ»:
Շաբաթ երեկոյեան, մինչ յունական կառավարութիւնը տնտեսութեան յաւելեալ սեղմումները կը վաւերացնէր, հարիւրաւոր ուսանողներ յունական Խորհրդարանին առջեւ ցոյցեր կատարեցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.