2012-02-20 12:13:39

Ղպտիներու Շանուտա Գ. Պատրիարքը Մաղթանք Յայտնած Է Որ Ղպտիները Մաս Կազմեն Երկրի Իշխանութեան։


Ղպտիներու Շանուտա Գ. պատրիարքը, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով՝ յայտնեց որ Եգիպտոսի ապագայ նոր կառավարութեան մաս պիտի կազմեն չորս քրիստոնեայ ղպտիներ։ Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը ընտրութիւնները շահած է, եւ մտադիր է քրիստոնեայ ղպտիներ կանչել մաս կազմելու կառավարութեան։ Նշենք որ ղպտիները Եգիպտոսի մէջ կը հաշուեն 8-10 միլիոն՝ երկրի բնակչութեան տասը տոկոսը. անոնք յաճախ հեռու պահուած են երկրի իշխանութենէն եւ թիրախ եղած են ծայրայեղ մահմետականներուն, որոնք կը գողնային անոնց ինչքերը, այրելով նաեւ անոնց եկեղեցիները։








All the contents on this site are copyrighted ©.