2012-02-20 12:10:32

''Կրօնական Ազատութեան Լրատու Դիտարանը'' Կը Կազմակերպէ Գիտաժողով Մը Քրիստոնեայ Փոքրամասնութիւններու Մասին։


''Կրօնական ազատութեան լրատու Դիտարանը'' մարտ ամսոյն մէջ կը կազմակերպէ գիտաժողով մը ''քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները աշխարհի մէջ'' նիւթին մասին։ Գիտաժողովին հրաւիրուած են քաղաքական ու եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, բանակցելու՝ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու իրավիճակի ու պաշտպանութեան մասին։
Յայտնենք որ վերոյիշեալ լրատու դիտարանը, որ կազմուած է աշխարհական մարմինէ մը, նախաձեռնութիւնն է դիւանագէտ ֆրանչեսքօ Մարիա Կրեգոյի` Իտալիոյ դեսպանը Ս. Աթոռի մօտ։ Դիտարանի կէտնպատակն է ճանչցնել ու զարգացնել կրօնական ազատութեան սկզբունքը եւ քաջալերել , ուսումնասիրութիւնը, վերլուծումը ու հսկողութիւնը աշխարհի մէջ։
Դիտարանը մտադիր է կազմակերպել ուսումնաժողովներ, գիտաժողովներ ու երկխօսութեան նիստեր, միջմշակութային ու միջկրօնական նիւթերու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.