2012-02-18 12:47:58

Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնախմբութիւն։


Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնախմբութիւնը՝ տեղի ունեցաւ երեք օրերու վրայ, հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, տիկնանց միութեան ու երեսփոխանական կազմի անդամ-անդամուհիներու, առաւել նաեւ կամաւոր ծառայող կանանց եւ ազգայիններու աշխատանքով։
Ա. օրը, եկեղեցւոյ դասին մէջ, տիկնանց միութեան եւ ուխտաւորներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ աղի օրհնութեան արարողութիւնը, որմէ ետք տիկիններ մատաղի պատրաստութեան գործին լծուեցան։ Բ. օրը, Շաբաթ օր՝ (առաւօտեան) տօնական մթնոլորտի մէջ, մատաղի ճիտապուրի պատրաստութիւնը տեղի ունեցաւ . իսկ կիրակի օրը, Խորէն քհնյ. Պապօշեանի Տէրունական աղօթքով սկսաւ ժամերգութիւնը, ապա առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի ու մատոյց եպիսկոպոսական Ս. պատարագը։
Իր արտասանած քարոզին մէջ, պատարագիչ առաջնորդը՝ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ նախ գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնը, երեսփոխանական կազմը, տիկնանց միութիւնը, դպրաց դասի անդամները, սարկաւագներն ու դպիրները, յարակից մարմինները եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, ու բարերարները տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեաններ։ Ապա խօսեցաւ Ս. Սարգիս զօրավարի կեանքին ու մարտիրոսութեան մասին, «Ս. Սարգիս եւ իր որդին՝ Մարտիոսը, ու 14 նահատակները դարերու ընթացքին եղան բարեխօս մեր կեանքին-ըսաւ առաջնորդը աւելցնելով՝ - անոնք Քրիստոսի հետեւորդներ մնացին եւ նահատակուեցան, եւ մեր հայրերը՝ իբրեւ ժառանգորդներ մեր մեծ սուրբերուն, այնքան ատեն որ Հայ եկեղեցւոյ աւազանէն վերածնան, մնացին հաւատարիմ իրենց կրօնին: Ս. Սարգիսի համար ամէնէն «համով սնունդ»ը եղան Քրիստոսի խօսքերը: Իսկ եթէ երբեք կ՛ուզենք ճշմարիտ ճանապարհով կեանքի հացին սնունդով ապրիլ, պէտք է երեք երեւոյթներէ հեռու մնանք.անհնազանդութենէն յուսահատութենէն եւ մեր փրկութեան թշնամիին տուած ամէն տեսակի ուղղութիւններուն հետեւելէ։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն՝ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուող եկեղեցւոյ սպասաւորներու, ինչպէս՝ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Անդրէասեանի եւ հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմի, տիկնանց միութեան ու յարակից մարմիններու ննջեցեալ անդամ-անդամուհիներու։ Առաջնորդին «Պահպանի»չով պատարագը իր աւարտին հասաւ, ու ներկայ հաւատացեալները օրհնուած մատաղ առնելով՝ մեկնեցան Ս. Սարգիս եկեղեցիէն։
Այս առթիւ եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած էր սիրոյ սեղան մը որուն մասնակցեցան պատարագիչ առաջնորդը, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը, հովանաւորները եւ նուիրատուները։










All the contents on this site are copyrighted ©.