2012-02-18 08:56:15

Գրիգոր Նարեկացիի Մասին Գեղարուեստական Շարժապատկեր՝ «Հովիւը»։


Հայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նկարահանուած է Գրիգոր Նարեկացիի մասին գեղարուեստական շարժապատկեր մը՝ «Հովիւը» վերնագիրով, որ կը ներկայացնէ դրուագներ Նարեկացիի կեանքէն, «Մատեան Ողբերգութիւն» գիրքէն, ինչպէս նաեւ՝ աղօթքներ, մենախօսութիւններ:
«Փորձել ենք Նարեկացուն ներկայացնել մարդու, ընդհանրական եկեղեցու անդամի կերպարով, որ հասանելի լինի ոչ միայն հայ, այլեւ արտասահմանեան հանդիսատեսի համար», նշած է շարժապատկերի բեմադրիչ Արտակ Ավդալեան:
Նարեկացիի դերով հանդէս պիտի գայ դերասան Արթուր Կարապետեանը։
1.5 ժամ տեւողութիւն ունեցող «Հովիւը» պիտի ներկայացուի հայերէն եւ իտալերէն լեզուներով։ Յառաջիկային կը նախատեսուի կատարել նաեւ անգլերէն թարգմանութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.