2012-02-18 13:08:34


ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովը Հինգշաբթի, Փետրուար 16ի երեկոյեան, 137 թեր, 12 դէմ եւ 17 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց Սուրիոյ հարցով բանաձեւ մը, որ սուրիական վարչակարգին կոչ կ՛ուղղէ անմիջապէս վերջ տալու ընդդիմադիրներուն դէմ բռնարարքներուն եւ անվերապահ կերպով զօրակցելու Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման Արաբական Լիկայի ծրագիրին։
Սէուտական Արաբիոյ կողմէ բանաձեւուած եւ Եգիպտոսի ու կարգ մը արաբական երկիրներու կողմէ ներկայացուած բանաձեւին դէմ քուէարկած երկիրներուն շարքին էին Ռուսիան, Չինաստանը եւ Իրանը։
Ձեռնպահ մնացած երկիրներուն շարքին են Լիբանանն ու Ալճերիան։
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ Դամասկոս պէտք է ունկնդրէ միջազգային հանրութեան կոչը:

Ռուսիա մերժեց Սուրիոյ շուրջ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի որոշումը եւ կոչ ուղղեց երկխօսութեան ճամբով քաղաքական լուծում մը գտնելու։ Նաեւ, ՄԱԿի մօտ Չինաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Լի Փաու Տունկ մերժեց Սուրիոյ մէջ որեւէ զինուորական միջամտութիւն եւ նշեց, որ պատժամիջոցները տագնապի լուծման չեն նպաստեր։
Միւս կողմէ, «Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէն Ճէյմզ Քլեփըր Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի մէկ յանձնախումբին առջեւ վկայութեան մը ընթացքին յայտարարեց, թէ կը թուի, որ Իրաքի մէջ «Ալ-Քայիտա»ի մէկ թեւն է, որ վերջին ամիսներուն Դամասկոսը եւ Հալէպը ցնցած ականահարումները կատարած է։ Ան նշեց, որ չկայ որեւէ ցուցանիշ, թէ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը մօտ օրէն պիտի վճռուի՝ զգուշացնելով, որԱլ- Քայիտա կրնայ Ասսատի վարչակարգի տապալումի պարագային գոյանալիք բացը լեցնել փորձել։
Թրքական պետական պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալները Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատի կառավարութեան աջակցելու նպատակով, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանին վրայ գտնուող Աֆրին շրջանին մէջ անցարգելներ հաստատած են եւ կը հսկեն՝այդ







All the contents on this site are copyrighted ©.