2012-02-18 12:46:09

18 Փետրուարին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 22 Նոր Կարտինալներ Կը Նշանակէ։


Անցեալ 6 յունուարին՝ Աստուածայայտնութեան տօնին օրը, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յայտած էր, որ 18 փետրուարին կարտինալական ժողով գումարելով 22 եկեղեցականներուն պիտի շնորհէ կարտինալի տիտղոս։
Արդարեւ Շաբաթ 18 փետրուարի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Կարտինալական Հրապարակային Խորհրդաժողովը որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը 22 նոր Կարտինալներ նշանակեց ու ապա տեղի ունեցաւ նաեւ Սուրբերու եւ Երանելիներու դատերու վաւերացման քուէարկութիւնը։ Այսօրուայ արարողութեամբ կարտինալական դասի թիւը կը բարձրանայ 214ի, որոնց 125ը՝ քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով։
Կարտինալական դասի պատմութիւնը սկիզբ առած է Թ. դարու սկիզբները եւ դարերու հոլովոյթին անոնց թիւը ենթարկուած է փոփոխութիւններու։
Միջին դարուն կարտինալական դասը կը հաշուէր 20 հոգի։ 1586-ին Սիքստոս Ե. Քահանայապետը 70-ի բարձրացուց ի յիշատակ Իսրայէլի 70 երէցներուն, որոնք Մովսէսի հետ կը կառավարէին հրեայ ժողովուրդը։ Այս թիւը վերահաստատուեցաւ 1917ի կանոնագիրքին մէջ։ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ. Քահանայապետը 15 դեկտեմբեր 1958-ին այդ թիւը աւելցուց նոր կարտինալներ անուանելով։ Պօղոս Զ Քահանայապետը 1975-ին Քահանայապետ ընտրելու իրաւունք ունեցող կարտինալներուն թիւը 120-ի՝ բարձրացուց պայմանաւ որ անոնց տարիքը չգերազանցէ 80 տարեկանը։Եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը ընտրող կարտինալներու թիւը բարձրացուց 125-ի։
Կարտինալները ունին Ծիրանաւորի տիտղոս եւ ունին Վատիկանեան Պետութեան Հպատակութիւնը։ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ. հաստատած է թէ բոլոր Կարտինալները նախ ունենան Եպիսկոպոսի Աստիճան։ Կարտինալական դասը բաժնուած է երեք մասերու ։
Եպիսկոպոսական, Քահանայական եւ Սարկաւագային եւ կը նշանակուին Սրբազան Քահանայապետի ազատ կամքով ։
Կարտինալներու ամենէն աւելի ծանօթ պաշտօնն է Ս. Պետրոսի յաջորդի ընտրութիւնը ։ Այս պաշտօնը հաստատած է Նիկողայոս Բ Քահանայապետը 1059ին։ Կարտինալական Դասը ապա կը համագործակցի Սրբազան Քահանայապետին հետ սովորական եւ արտակարգ ժողովներուն մասնակցելով Անոնք Սրբազան Քահանայապետի խորհրդատուներն են Եկեղեցւոյ կառավարութեան մէջ։
Յայտնենք որ այսօրուայ նո նշանակուած 22 նոր կարտինալներու մէջ կան 10 Վատիկանի Վերին Ժողովի պատասխանատուներ, 8 արքեպիսկոպոսական թեմերու առաջնորդներ եւ 80 տարեկանը անց 4 կարտինալներ։
Ներկայ ընտրող կարտինալական դասին 30ը իտալացի են, 12ը Միացեալ Նահանգներէն, 6 գերմանացի, 6 պրազիլցի, 5 սպանացի, 4 ֆրանսացի, 4 լեհ, 4 մեքսիքացի եւ հնդիկ։ Յառաջիկայ քոնկլաւին 125 կարտինալներու վրայ 67ը եւրոպացի են, 22ը լատինամերկացի, 15 հիւիսային ամերկացի, 9 ասիայէն, 11 ափրիկեցի եւ մէկը Ովկիանիայէն։
Նշենք որ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ.րդ երկու անգամ գումարած է Կարտինալական Ժողովը 1958ին եւ 1962ին ,Պօղոս Զ.րդ 6 անգամ , Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը 9 անգամ եւ Պենետիկտոս ԺԶ.րդ Սրբազան Քահանայապետը ներկայ ժողովով՝ 4 անգամ գումարած կ՝ըլլայ զայն, առաջինը 2006ին` երկրորդը 2007ին երրորդը 2010ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.