2012-02-17 12:55:23

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ճառը՝ Եւրոպայի, Ափրիկէի Ու Մատակասքարի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասերու Անդամներուն։


Հինգշաբթի 16 Փետրուարին, Գլեմենդինա սրահին մէջ ընդունելով Եւրոպայի, Ափրիկէի ու Մատակասքարի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն 80 անդամները, Սրբազան Քահանայապետը անոնց ուղղած իր ճառին մէջ կոչ ուղղեց որպէսզի Ափրիկէի ու Եւրոպայի եկեղեցիները յուսալքումի չմատնուին ի տես դժուար մարտահրաւէրներուն։
Նորին Սրբութիւնը դատապարտեց << կրօնի հանդէպ անտարբերութեան երեւոյթը որ կը մղէ շատերը ապրելու՝ մտածելով որ Աստուած գոյութիւն չունի -ըսաւ ան - ու այսօր Եւրոպայի մէջ կը զգանք համաշխարականացման հետեւանքները, որ յաճախ դէմ է քրիտոնէական հաւատքին։
Սրբազան Քահանայապետի գնահատումով <<սխալ մշակոյթները անմարդկայնութեան կը տանին ու հաւատքով սնած մշակոյթը մեր քայլերը կ՛ուղղէ մարդկայնական գետնի վրայ։ Նորին Սրբութիւնը ապա շեշտը դրաւ երիտասարդներուն եւ ընտանիքներու կարեւոր դերին վրայ, որոնք պէտք է որ ըլլան հովուական գործունէութեան կեդրոնը։
Եւրոպայի, Ափրիկէի ու Մատակասքարի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերը 13 - 17 փետրուար, Հռոմի մէջ գումարած էին գիտաժողով մը, միասնաբար խորհրդածելու <<Աւետարանացումը այսօր. Հաղորդութիւն եւ Հովուական համագործակցութիւն Ափրիկէի ու Եւրոպայի միջեւ>> նիւթին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.