2012-02-17 12:54:51

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կը Գլխաւորէ Կարտինալական Դասի Խորհրդածութեան Օրը։


Ի տես Կարտինալական Հրապարակային Խորհրդաժողովին որ տեղի կ'ունենայ 18 Փետրուարին եւ որուն ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 22 նոր կարտինալներ կը նշանակէ` Սրբազան Հայրը ուրբաթ 17 փետրուարին, հրաւիրած է Կարտինալական Դասը, աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրուայ մը։ Յայտագիրը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 10ին Վատիկանի Սիւնհոդոսական Սրահին մէջ եւ վերջ կը գտնէ երեկոյեան ժամը 17ին ժամասացութեան ծիսակատարութեամբ։ Խորհրդածութեան գլխաւոր նիւթն է ''աւետարանի քարոզութիւնը այսօր` ոչ-հաւատացեալներուն եւ քրիստոնեաներու վերաւետարանութեան ի խնդիր''։
Սոյն նիւթը ներկայացուց Նիւ Եորքի Արքեպիսկոպոսը Կարտինալ Թիմոթի Տոլան։ Հանդիպումին ընթացքին շօշափուեցաւ նաեւ ՜՜Հաւատոյ Տարուայ՝՝ նիւթը որուն ներկայացումը կատարեց` Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը՝ գերապայծառ Սալվատորէ ֆիզիքէլլա։
Նշենք որ 22 նոր կարտինալներէն մին՝ Հայր Գարլ Ժոզէֆ Պէքէրը, առողջական պատճառներու համար պիտի չկարենայ մասնակցիլ սոյն խորհրդածութեան նիստին ու յաջորդ օրերուն նախատեսուած արարողութիւններուն,եւ առանձնական արարողութեամբ յառաջիկային պիտի ստանայ Կարտինալական Տիտղոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.