Գիրքի Նուիրատուութեան Օրուան Առիթով՝ Ելոյթ Կ՝Ունենայ Հայաստանի Ֆիլհարմոնիկ Նուագախումբը
։
Փետրուար 19ին Հայաստանի մէջ պիտի նշուի գիրք նուիրելու տօնը: ՀՀ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ
եւ Գրողներու Միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի որոշումով, այդ տօնը վերականգնուած է 2008էն
ի վեր: Գիրք նուիրելու օրը կը նշուի Փետրուար 19ին, քանի որ ատիկա հայ մեծանուն բանաստեղծ
Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրն է: Տօնին ծիրէն ներս՝ Փետրուար 17ին կը կայանայ
Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին համերգը: Արամ Խաչատրեան համերգասրահին
մէջ նուագախումբի ելոյթին ներկայ գտնուիլ փափաքողները տոմսերը ձեռք բերած են գիրքերու
միջոցով: Ձեռնարկին ծիրէն ներս հաւաքուած բոլոր գիրքերը ապա պիտի փոխանցուին մարզերու
դպրոցներուն: Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի մամուլի քարտուղար Անահիտ
Օրդեան Tert.am-ի հետ զրոյցին նշած է , որ ծրագիրը կ՝ ընդգրկէ Եօհան Շթրաուսի «Չղջիկը»
օփերեդի նախերգանքը, Պերնսթայնի «Գանտիտ» նախերգանքը, Չայքովսքիի` «Կարապի Լիճ» պալէի
սիվիդը: Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին ելոյթը կը ղեկավարէ Վարդան Յակոբեանը: