2012-02-16 13:18:46

Քահանայից Հաւաք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մէջ։


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ 15 Փետրուարին, նախագահութեամբ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ թեմակալ առաջնորդներու, տեղի ունեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով գումարուած քահանայից աւանդական ամենամեայ հաւաքը։ Քահանայից ժողովին կը մասնակցէին շուրջ 230 եկեղեցականներ։
Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպիսկոպոս Աջապահեանի խօսքով բացումը կատարուեցաւ սոյն ժողովին։ Սրբազանը մաղթեց բոլորին, ընթանալ Ղեւոնդեանց ոգիով՝ արձանագրելով նորանոր յաջողութիւններ ու ձեռքբերումներ հովուական ասպարէզի մէջ։ Այնուհետեւ Վեհափառը անդրադարձաւ ժողովի նիւթին՝ ՜՜ քահանայի դերակատարութիւնը ընկերային ոլորտին մէջ՝՝ ան ըսաւ. ընկերային ոլորտէն ներս ծառայութիւնը հայ եկեղեցականի կոչումն է, անոր առաքելութեան հիմնական եւ կարեւոր մասը։ Անդրադարձանք շարք մը խնդիրներուն, ինչպիսին են՝` թմրամոլութիւնը, բռնութիւնը, ընտանեկան դաստիարակութիւնը, ծնողք-զաւակ, տղամարդ-կին յարաբերութիւնները, աղքատութիւնը, եւ նմանատիպ այլ երեւոյթներուն։ Հայ եկեղեցականի կոչումն է պայքարիլ այնպիսի երեւոյթներու դէմ, որոնցմէ մեղք կը ծնի, իսկ միջոցը բնականաբար Աւետարանի խօսքն է։
Գարեգին Բ. այդ առաքելութեան իրագործման հիմնական միջոց նկատեց հոգեւորականի պատասխանատուութիւնը, նախանձախնդրութիւնը, կոչման գիտակցութիւնը ծառայութեան հանդէպ, անվերապահ եւ անպայմանաւոր սէրը, որ պէտք է մշտապէս դրսեւորուի հաւատաւոր հօտի հանդէպ։








All the contents on this site are copyrighted ©.