2012-02-16 13:16:24

Ղպտի Քրիստոնեաները Դարձեալ Թիրախ Են Եգիպտոսի Ծայրայեղ Մահմետականներուն։


14 փետրուարին սալաֆիդ կոչուած ծայռայեղ մահմետականները անգամ մը եւս նախայարձակում կատարած են Ս. Կոյս Մարիամի նուիրուած եկեղեցւոյ դէմ։ Խռովարարները այրած են ժողովրդապետութիւնը ու եկեղեցւոյ պատկան կալուածները։
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ բանբերը հայր Ռաֆիգ Կրէյշ մամուլին յայտնած է որ իսլամ կուսակցութիւններու քաղաքական ընտրութիւններու յաղթանակէն ի վեր ղպտիներու դէմ նաձայարձակումները բազմացան, ոստիկանութեան մեղսակցութեամբ։ Նախագահ Մուպարագի իշխանութեան անկումէն մինչեւ այսօր Եգիպտոսի մէջ 6 եկեղեցիներ կողոպուտի ենթարկուած են, երկու մենաստաններ այրուած եւ հարիւրաւոր երիտասարդ քրիստոնեաներ արեւանգուած են, եւ շուրջ 90 հազար ղպտիներ երկրէն գաղթած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.