2012-02-16 13:01:01

Հոնտուրասի Բանտերէն Մէկուն Մէջ Ծագած Հրդեհը՝ Առնուազն 350 Զոհեր Կը Խլէ։


Հոնտուրասի մէջ,Գոմաեակուայի Արգելարանը(մայրաքաղաք Թէկուչիկալբայէն 90 Քլմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող) երէկ գիշեր ծագած հրդեհի հաշուէկշիռը առ այժմ աւելի քան 350 զոհեր են,կան նաեւ հարիւրաւոր վիրաւորեալներ,ինչպէս նաեւ բանտէն խոյս տուած բանտարկեալներ։ Հրկիզումը դիտումնաւոր կրնայ ըլլալ (ըսած է ոստիկանութիւնը) որ կը շարունակէ իր հետաքննութիւնները ։ Հոնտուրասի Եկեղեցին աղօթքի մէջ ամփոփուած ի տես այս մեծ ողբերգութեան,կը յուսայ որ աղէտը իր հետ բերէ շարք մը խորհրդածութիւններ երկրի արգելարաններու կացութեան վրայ։

Նշենք որ Գոմաեակուայի Բանտը կրնար բովանդակել 450 արգելափակեալներ,մինչ բանտին մէջ կը գտնուէին 850 բանտարկեալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.